2014-07-21 11:43:56

Ֆրանչիսկոս Պապի կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը


Կիրակի 20 Յուլիսին կէսօրին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած հազարաւոր հաւատացելներուն ներկայութեամբ, Ֆրանչիսկոս Պապը իր գրասենեակին պատուհանէն արտասանեց աւանդական կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը։
Նորին Սրբութիւնը, նախքան Մարեմեան աղօթքը արտասանելը, խորհրդածութիւն մը կատարեց քաղուած Մատթէոսի Աւետարանէն՝ Յիսուսի պատմած որոմի առակին մասին։
՝՝Որոմի առակէն կրնանք քաղել հետեւեալ երկու ուսուցումները՝՝. ըսաւ Սրբազան Հայրը.
՝՝Առաջին՝ աշխարհի մէջ գոյացած չարը յառաջ չի գար Աստուծմէ այլ Անոր թշնամիէն՝ Սատանայէն։ ՝՝Սատանան ճարպիկ է՝՝ ընդգծեց Ֆրանչիսկոս Պապը աւեցնելով
թէ,՝՝ ան, չարիքը ցանեց բարիին մօտ, որպէսզի մարդուն դժուար հանդիսանայ
զատելու՝ չարը, բարիիէն, ուստի միայն Աստուած կարող է բաժանել զանոնք։
Ֆրանչիսկոս Պապը, ապա ցոյց տալով առակին երկրորդ ուսուցումը՝ ներկայացնելով առակին մէջ նկարագրուած հակազդեցութիւնը՝ ծառաներու անհամբերութեան եւ Տանտիրոջ համբերութեան միջեւ , որ այս վերջինը կը ներկայացնէ զԱստուած ։
՜՜Մենք շատ անգամ անհամբեր կը գտնուինք դատելու ուրիշները եւ զանոնք դասաւորելու՝ բարին եւ չարը զետեղելով հոս եւ հոն։ Մինչ այդ Աստուած գիտէ սպասել։
Ան ողորմութեամբ եւ համբերութեամբ կը դիտէ իւրաքանչիւր անձին դաշտին մէջ։
Տէրը մեզմէ շատ աւելի լաւ կը տեսնէ չարին ներկայութիւնը, բայց միեւնոյն ժամանակ կը տեսնէ ընտիր սերմը եւ վստահաբար կը սպասէ անոնց ծաղկումին։
Աստուած համբերող է եւ գիտէ սպասել՜՜, հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը։
Խորհրդածութիւնը եզրափակելով Ֆրանչիսկոս Պապը ըսաւ.
՜՜Ի վերջոյ չարը արմատախիլ պիտի ըլլայ հունձքի ժամանակ՝ այսինքն վերջին դատաստանի օրը. հնձուորները պիտի հնազանդին իրենց տիրոջ խնդրանքին՝ նախ հաւաքելու որոմը եւ այրելու զանոնք , ապա ամբարել ցորենը շտեմարաններուն մէջ։
Խորհդածութեան աւարտին ,Ֆրանչիսկոս Պապը արտասանեց Մարեմեան աղօթքը։







All the contents on this site are copyrighted ©.