2014-07-21 09:15:03

Կիրակնօրեայ խօսքը. մեր հետեւողութեամբ մեր Աստուածային Դաստիարակին…


Սիրելի՛ ընթերցող, այս սիւնակիս նիւթը կը հայթայթէ երկրորդ աւետարանիչը` Ս. Մարկոս (Մրկ. 1,35-39): Թէպէտ շատ կարճ աւետարանային ընթերցուած է, բայց եւ այնպէս ունի իր այժմէական պատգամները: Փորձե՛նք անդրադառնալ անոնցմէ քանի մը ճշմարտութիւններու:
Կափառնաումի մէջ հիւանդներ ու այսահարներ բուժելէ ետք, Յիսուս, զոր դիւահար մը հռչակեց «Աստուծոյ Սուրբն ես Դուն» (Մրկ. 1,24), «առաւօտ, արեւածագէն առաջ ելաւ ու մեկնեցաւ քաղաքէն դէպի անապատ տեղ մը եւ հոն կ՛աղօթէր»:
Հոս կը յիշուին իրարու երկու հակադիր վայրերը, որոնք, խորքին մէջ, կ՛ամբողջացնեն զիրար: Առաջինն է «քաղաքը», որ շատախօսութեան, ժխորի, հեւքի ու ցրուածութեան խորհրդանշանն է` աստուածաշնչագիտութեան համաձայն: Երկրորդը «անապատն» է, տեղը, դարձեալ սուրբգրային իմացութեամբ, լռութեան, խաղաղութեան, հանդարտութեան եւ ամփոփումի:
Ամբողջացումի եղելութիւնը հետեւեալն է: Երկու վայրերն ալ մարդուն համար են: Սակայն մարդը, որպէսզի չդառնայ եւ չդարձնէ միայն մշտական զոհը իր շատախօսութեան, ժխորին, հեւքին ու ցրուածութեան, այլ նաեւ վսեմանայ եւ վսեմացնէ իր լռութեամբ, խաղաղութեամբ, հանդարտութեամբ ու ամփոփումով, անպայման ունենալու է ի՛ր օրուան ընթացքին ի՛ր «անապատն» ի՛ր «քաղաքին» մէջ:
Գործնականօրէն ա՛յս է պարզ ընելիքը այն մարդուն, որ կ՛ուզէ նմանիլ իր Փրկչին` Սուրբին, Մարդասէրին, Յաւերժին: Իր ամէնօրեայ զբաղումներուն մէջ պիտի գտնէ պահիկ մը, որ յատկացուած ըլլայ միայն ու միայն Աստուծոյ հետ իր ըլլալուն:
Աստուծոյ հետ իր ըլլալուն պահիկը հիւլէական ուժականութիւնն ունի ոչ միայն ամէն բան մաքրազտելու եւ լաւացնելու, այլ նաեւ բարեփոխելու մարդն ինքնին` ուղղութեամբ աւելի մարդկայնացումին ու աստուածացումին…
Այսպէս ըրաւ, կ՛ընէ եւ պիտի ընէ այն մարդը, զոր «սուրբ» կ՛անուանենք, որովհետեւ ան գիտցաւ, գիտէ ու պիտի գիտնայ ոչ միայն ապրիլ ի՛ր «անապատն» ի՛ր «քաղաքին» մէջ, այլ նաեւ այս ապրումէն վաստկիլ հոգեկանութիւնը` ամէն բան կատարելու եւ խօսելու Աստուծոյ ու ընկերոջ սիրոյն համար. «Պիտի սիրես քու Տէր Աստուածդ ամբողջ սրտովդ, ամբողջ հոգիովդ, ամբողջ մտքովդ եւ ամբողջ կարողութեամբդ (Մրկ. 12,30): Այս է մեծ ու առաջին պատուիրանը: Երկրորդն ալ նոյնքան կարեւոր է. Պիտի սիրես ընկերդ քու անձիդ պէս: Այս երկու պատուիրաններէն կախում ունին Օրէնքն ու Մարգարէները (Մտթ. 22,38-40): Այս երկու պատուիրաններէն աւելի մեծը չկայ (Մրկ. 12,31): Գործադրէ՛ այս պատուիրանները եւ պիտի փրկուիս (Ղկ. 10,28)»:
Խօսքով եւ գործով` Յիսուս մեր Աստուածային Վարդապետն է: Քրիստոս է նաեւ մեր Օրինակը, մեր Դաստիարակը, որ կ՛ուզէ մեր մակարդակը բարձրացնել, այո՛, հասցնել ի՛ր մակարդակին, որ աստուածային ու մարդկային է:
Քրիստոս, որ նախօրօք, «իրիկունը, մայրամուտէն ետք», երբ արդէն ամբողջ օրը շրջագայած ու քարոզած էր, թէպէտ յոգնած էր անշուշտ եւ ուշ քնացած էր` «ամբողջ քաղաքը հաւաքուած ըլլալով անոր դրան առջեւ» (Մրկ. 1,32-33), բայց եւ այնպէս յաջորդ օրը, շատ կանուխէն ոտքի էր` առանձին քաշուելու եւ աղօթելու համար:
Առաջին դասն է: Մեր օրը սկսի՛նք աղօթքով եւ միայն Տիրոջ վերապահուած պահով մը, որ ստանանք հաւատք, յոյս, սէր եւ լոյս մեր առօրեային համար:
Կիրակի է: Կը հարցնեմ այս եղբօր. «Ինչո՞ւ չէիր եկած եկեղեցի…»: «Վարդապե՛տ, երէկ շատ յոգնած էի գիշերային ժամանցէն, չկրցայ արթննալ»: Կ՛առարկեմ այն քրոջ. «Կիրակնօրեայ Ս. պատարագին բացակա՞յ էիր…»: «Վարդապե՛տ, երէկ հարսանիքի հրաւիրուած էի. այսօր առաւօտեան ժամը երեքին տուն դառնալէ ետք, ալ ո՞վ պիտի արթննայ եւ եկեղեցի գայ…»: Կամ` «Վարդապե՛տ, չկրցանք գալ, դրացուհին առաւօտեան սուրճի եկաւ մեզի»:
Այս շատ պատահած իրողութիւններուն դիմաց, Յիսուս կու տայ երկրորդ դասը: Հոգիդ շատ աւելի կարեւոր է մարմնէդ: Օրէնքը մի՛ զոհեր հաճոյքիդ: Քաջ ազնուութիւնն ու ազնիւ համարձակութիւնը ունեցի՛ր բացատրելու կիրակնօրեայ պարտաւորութիւնը եւ կարիքն ըլլալու Տիրոջդ ու Եկեղեցիիդ հետ:
Երրորդ դասն է: Աստուած ամէն մէկէ վեր է, եւ Աստուծոյ հետ քու ըլլալդ ամէն բանէ առաջ է: Նոյնիսկ Յիսուսի պարագային, զոր առաքեալները խանգարեցին իր աղօթավայրին մէջ:
Սիմոն-Պետրոս ու ընկերները կը փնտռէին Յիսուսը, եւ երբ գտան իրենց Լոյսը, իրենց Յոյսը, իրենց Սէրը, իրենց Կորովը, ըսին Անոր. «Բոլորը կը փնտռեն Քեզ»:
Այսօր այդ բոլորին մէջ կա՞նք մենք, որ կը պատկանինք յիսուսահաւատ ու խաչապաշտ այն ժողովուրդին, որ արդէն 301-ին պաշտօնապէս դաւանեցաւ Քրիստոսը…
Մենք կը փնտռե՞նք ու կը գտնե՞նք Աստուածը, ինչպէս առաքեալները, մեր Գրիգորները, Ներսէսները, Մաշտոցներ, Վարդաններ, Աշխէններ, Շուշաններ ու Շաքէներ փնտռեցին եւ գտան իրենց Տէրը, որ` «Ճամբան է, Ճշմարտութիւնն է ու Կեանքն է» Զինքն ունեցողներուն:
Չորրորդ դասն է: Կարծես, Յիսուսի համար այնքան մեծ հոգ մը չէր Զինք փնտռելը, որքան շատ աւելի մեծ մտահոգութիւնն էր իր քարոզչական առաքելութիւնը: Առարկող աշակերտներուն պատասխանեց. «Երթա՛նք ուրիշ տեղեր, … որպէսզի հոն ալ քարոզեմ, որովհետեւ ասո՛ր համար եկած եմ»:
Այո՛, առաջնահերթութիւններու կարգը պահելու ենք: Մենք` կնքուածներս կոչուած ենք նաեւ ըլլալու վկաները Աստուածամարդուն Յարութեան (Գ. Առ. 1,22) ու Աւետարանին (Գ. Առ. 13,31-32), որ արժանանանք դառնալու «Աստուծոյ զաւակներն» ու «ժառանգակիցները Քրիստոսի» (Հռմ. 8,16-17):
Սրտաբուխ իմ աղօթքս ու մաղթանքս է, որ բոլորս իւրացնենք եւ գործադրենք մեր Աստուածային Վարդապետին խօսքով ու գործով տուած դասերը, որպէսզի անդորրացնենք մեր անձերը, թեթեւցնենք մեր առօրեան եւ սրբակերտենք մեր շրջապատը:

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ







All the contents on this site are copyrighted ©.