2014-07-19 11:22:32

Պուենոս Այրեսի հակասեմական մահափորձի 20-րդ տարեդարձին առթիւ, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը դատապարտէ ահաբեկչութեան բոլոր երեւոյթները։


Պուենոս Այրեսի հակասեմական մահափորձի 20-րդ տարեդարձին առթիւ, որ գործադրուեցաւ 18 Յուլիս 1994-ին, եւ որ պատճառեց 85 զոհ եւ բազմաթիւ վիրաւորներ, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը լսատեսողական պատգամ մը արձանագրեց որով կը դատապարտէ ահաբեկչութեան բոլոր երեւոյթները։
Նորին Սրբութիւնը ահաբեկչութիւնը կ'որակէ որպէս ''խենթութիւն'' մը, որուն միակ նպատակն է ''սպաննել''։ Այդ յիմար արարքով ''բան մը չի կերտուիր այլ միմիայն կը կործանէ''։
Յայտնենք որ Սրբազան Հայրը, երբ Պուենոս Այրեսին առաջնորդ էր, պահանջեց որ ''արդարութիւն կատարուի''։ Ան եղաւ յանցաւորները ձերբակալելու դիմումնագիրին առաջին ստորագրող անձնաւորութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.