2014-07-19 08:52:50

Զ. Կիրակի Պենտեկոստէի
(Մտթ. 14, 13 – 21)


Մատթէոսի աւետարանը մեզի կը նկարագրէ ամենածանօթ եւ ամէնէն գեղեցիկ ու խորհրդանշական հրաշքներէն մէկը՝ հացերու եւ ձուկերու բազմացումը:
Երեկոյ է. ժողովուրդը` զանազան քաղաքներէն եկած` հիացած մտիկ կ’ընէ Յիսուսի սքանչելի խօսքերուն ու վարդապետութեան, եւ բուժումներ կը ստանար: Աշակերտները կը մօտենան Քրիստոսի եւ զինքը կը զգուշացնէն ըսելով թէ ժողովուրդը անօթեցած է եւ պէտք է զանոնք արձակել որպէսզի մերձակայ գիւղերէն ուտելիք գնեն, որովհետեւ տեղը ուր կը գտնուէին անապատ էր եւ արդէն մութը ինկած է: Յիսուս անոնց կը պատասխանէ. «Կարիք չ՛ունին երթալու, դուք տուէ՛ք անոնց ուտելիք »:
Աշակերտները կը շուարին, ո՞ւրտեղէն կարելի է հայթայթել այդքան կերակուր ամբողջ ժողովուրդին համար: Եւ կամ այդ կերակուրը գնելու համար ո՞ւրտեղեն դրամը ապահովել։ Այն ատեն Յիսուս անոնց կը հարցնէ. «գացէ՛ք, տեսէ՛ք քանի՞ հաց ունիք » (Մարկոս 6.38): Ստուգելէն ետք անոնք ըսին. «հինգ հաց եւ երկու ձուկ»: Տէր Յիսուս կը հրամայէ, որ ժողովուրդը նստեցնեն խումբ խումբ, կ’առնէ հինգ հացերը եւ երկու ձուկեըը, աչքերը երկինք կը բարձրացնէ, այսինքն` գոհութիւն կը մատուցանէ իր Հօր Աստուծոյ, կ’օրհնէ եւ կը յանձնէ աշակերտներուն, որպէսզի բաժնեն: Ամէնքը կը կշտանան եւ մնացած կտորները կը լեցնեն 12 սակառներու մէջ: Կերողներուն թիւը հինգ հազար հոգի էին առանց հաշուելու կիներն ու մանուկները:
Դէպքը հրաշալի է. Ունի խորհրդանիշներ. հինգ հացերը կը խորհրդանշեն հրեաներուն առաջին հինգ գիրքերը` հնգամատեան, իսկ երկու ձուկերը կը խորհրդանշեն Հին եւ Նոր Կտակարանները: Իսկ 12 սակառները կը խորհրդանշեն հրեաներուն 12 ցեղերը:
Հացերու բազմացումին մէջ կը տեսնենք նաեւ Ս. Հաղորդութեան խորհրդանիշը` կ’առնէ հինգ հացերը, գոհութիւն կու տայ, կ’օրհնէ եւ կը յանձնէ աշակերտներուն, որպէսզի բաժնեն:
Հացերու բացմացումին հրաշքը կը պարունակէ նաեւ ուրիշ պատգամներ մեզմէ իւրաքանչիւրին համար: Շատ անգամ գործ մը կատարելու ընթացքին, երբ կը հանդիպինք անյաղթահարելի դժուարութիւններու կը դժուարանանք լուծում գտնելու, Կ’ուզենք այս ինչ գործը ընել, սակայն դրամ չունինք: Ծրագիրներ կը մշակենք, սակայն աշխատելու համար բաւարար մարդուժ չկայ: Ընե՛նք, բայց չկայ, մեր կարողութենէն վեր է, եւ կը յուսահատինք: Նոյնն էր աշակերտներու վիճակը: Տէրը կ’ուզէր իր աշակերտները փորձել եւ սակայն անոնք չէին գիտեր թէ ինչ պէտք էին ընել: Միայն հինգ հաց եւ երկու ձուկ ունէին: Որո՞ւն կը բաւէր: Անկարելի էր: Յիսուս ըսաւ. «Հո՛ս բերէք զանոնք» (Մատթէոս 14.18): Եւ անկարելին կարելի դարձաւ:
Եթէ կը մտածենք թէ մեր կատարած գործը Աստուծոյ հաճելի է, ու արդար, այլեւս իրաւունք չունինք մտածելու, որ տկար ենք, պակասներ ունինք, դրամ չունինք եւ այլն: Եթէ գործը աստուածային է, չենք կրնար ըսել թէ քիչ բան ունինք եւ չենք կրնար: Դնենք մեր քիչը մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի առջեւ։ Ան կ’օրհնէ մեր քիչը եւ մեր սահմանափակ կարողութիւնները, եւ այս քիչով հրաշքներ կը գործէ եւ մեր քիչը ամենուն կը բաւէ ու կ’աւելնայ:
Չյուսահատինք դժուարութիւններու դիմաց, այլ գօտեպնդուինք մտածելով, թէ Տէրը ամենակարող է եւ պիտի օգնէ մեզ:







All the contents on this site are copyrighted ©.