Եգիպտոսը կը սերտէ օրէնք մը երաշխաւորելու եկեղեցիներու կառուցումը ու անոնց վերանորոգումը։
Արդարութեան նախարարութիւնը վերջերս ընդունած է քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչները
անոնց հետ սերտելու նոր օրէնք մը եկեղեցիներու կառուցումին եւ վերանորոգումին համար,
յայտնած է Մինիայի թեմի կաթողիկէ ղպտիներու առաջնորդը` Պութրոս Ֆահիմ Աուատ Հաննա։ Նշենք
որ մինչեւ օրս եկեղեցիներու շինութիւնը կամ վերանորոգումը կախում ունէր նախագահին ստորագրութենէն
եւ թէ այս օրէնքը ժառանգութիւն մնացած էր օսմանեան օրէնսդրութենէն։