2014-07-19 09:46:00

«Պոյինկ 777» օդանաւի կործանման հարցին շուրջ Ամերիկեան իշխանութիւնները կը պահանջեն միջազգային հետաքննութիւն։


Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ մալեզիական ճամբորդատար «Պոյինկ 777» տիպի օդանաւի կործանման պատասխանատուութիւնը կը կրեն ուքրանական իշխանութիւնները: Ըստ Փութինի, այդ ողբերգութիւնը տեղի պիտի չունենար, եթէ Ուքրանիոյ հարաւ-արեւելքը խաղաղ ըլլար:
«Անկասկած, պետութիւնը, որուն տարածքին տեղի ունեցած է ատիկա, պատասխանատուութիւն կը կրէ սարսափելի ողբերգութեան համար: Այդ ողբերգութիւնը տեղի պիտի չունենար, եթէ այդ երկրին մէջ խաղաղութիւն ըլլար, եթէ Ուքրանիոյ հարաւ-արեւելքը չվերսկսէին զինուորական գործողութիւնները», ըսած է Փութին ու յանձնարարած է կառավարութեան ընել ամէն ինչ` աղէտի առարկայական պատկերը հաստատելու համար:
Միւս կողմէ սակայն Ուքրանիա կը պնդէ, որ գաղտնալսած եւ արձանագրած է Ռուսիոյ զինուորական հետախուզութեան գործակալներու եւ ռուսամէտ զինեալներու միջեւ դէպքէն քանի մը վայրկեան ետք կատարուած հեռաձայնային զրոյցները, որոնց մէջ վերջիններս կը յայտնեն, որ օդանաւ մը վար առած են:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի բանբեր Ճոշ Էռնեսթ յայտարարած է, որ ամերիկեան իշխանութիւնները կոչ կ՛ուղղեն Ուքրանիոյ մէջ մարտերը դադրեցնելու` մալեզիական օդանաւի կործանման միջազգային հետաքննութեան համար: «Չափազանց կարեւոր է, որպէսզի կատարուի ամբողջական, վստահութեան արժանի, անխոչընդոտ միջազգային հետաքննութիւն», ըսած է ան:
Նշենք, որ վերոյիշեալ արարքը պատճառած է 298 զոհ որոնց շարքին էր Առողջապահութեան միջազգային գործակալութեան բանբեր Կլեն Թոմաս:








All the contents on this site are copyrighted ©.