2014-07-18 13:37:45

Ֆրանչիսկոս Պապը հեռաձայնած է Փերեսին եւ Ապպասին ու քաջալերական պատգամ յղած է Կազայի քրիստոնեաներուն։


Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրատարակած մէկ հաղորդագրութիւնը կը յայտնէ թէ ''Անցեալ կիրակի օր ուղղած Սուրբ Երկրի ի սպաս խաղաղութեան կոչին եւ աղօթքի հրաւէրէն ետք, այսօր (ուրբաթ 18 յուլիս) առաօտեան, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հեռաձայնային կապ հաստատեց Շիմոն Փերերսի եւ Մահմուտ Ապպասի հետ, անոնց հետ բաժնեկցելու իր ծանր մտահոգութիւնները Կազան յուզող հակամարտութեան ծանր վիճակին ի տես, ուր կ՛արձանագրուին հակառակութեան, ատելութեան եւ տառապանքի աճ, որոնք բազմաթիւ զոհեր կը պատճառեն եւ մարդասիրական ծանր տագնապ կը յառաջացնեն։
Սրբազան Քահանայապետը երկու նախագահներուն վստահեցուց իր ու համայն եկեղեցւոյ յարատեւ աղօթքը` ի սպաս Սուրբ Երկրի խաղաղութեան, այնպէս ինչպէս ըրած էր Սուրբ Երկիր կատարած ուխտագնացութեան ընթացքին եւ անցեալ 8 յունիսին` Վատիկանի մէջ կայացած ս. Երկրի խաղաղութեան համար աղօթքի հանդիպումին։
Նորին Սրբութիւնը երկու նախագահներուն հետ կիսեց նաեւ յանձնառումը որպէսզի շահագրգռուած կողմերը ու բոլոր անոնք որոնք քաղաքական պատասխանատուութիւններ ունին, ըլլայ տեղական ըլլայ միջազգային գետնի վրայ, աշխատին կասեցնելու բոլոր ռազմական գործողութիւնները ու ձգտելու հրադադարի, խաղաղութեան եւ սրտերու համերաշխութեան։
Յայտնենք թէ Ֆրանչիսկոս Պապը յատուկ պատգամ մը ուղարկեց նաեւ Կազայի քրիստոնեաներուն որուն մէջ քաջալերեց զանոնք դիմագրաւելու այս տառապանքի դժուար պահերը, անոնց յայտնելով իր անձնական մօտիկութիւնն ու աղօթքները։







All the contents on this site are copyrighted ©.