2014-07-18 09:51:46

Վատիկանի CTV եւ Իտալական պետական Rai հեռուստակայաններու միջեւ ստորագրուեցաւ համաձայնագիր մը։


Վատիկանի CTV եւ Իտալիոյ պետական Rai հեռուստակայանները, հինգշաբթի 17 յուլիսին, միասնական համաձայնագիր մը ստորագրեցին լաւագոյն կերպով սփռելու Ֆրանչիսկոս Պապի պատկերները։ Ստորագրութիւնը տեղի ունեցաւ ներկայութեամբ Վատիկանի Պետական Քարտուղարութեան տեղակալ` Արքեպիսկոս Անճէլօ Պէչչուի եւ Իտալական Rai հեռուստակայանի բոլոը մասնաճիւղերու պատասխանատու տնօրէններուն։
Վատիկանի կողմէ համաձայնագիրը ստորագրեց CTV կայանի ընդհանուր տնօրէն` Գերապայծառ Տարիօ Էտուարտօ Վիկանօ, իսկ Իտալալան Rai հեռուստակայանի կողմէ ընդհանուր տնօրէն` տիար Լուիճի Կուպիթոզի ։
Վերոյիշեալ երկու պետական հեռուստակայաններու միջեւ համաձայնութիւնները կը նախատեսէ ''ներդաշնակ համագործակցութիւն պատկերասփռելու Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ընդհանուր հանրային ունկնդրութիւնները ինչպէս նաեւ Սուրբ Պետրոս տաճառին մէջ եւ անոր կից գտնուող հրապարակի վրայ կայանալիք Սրբազան Հօր գլխաւորած արարողութիւնները։







All the contents on this site are copyrighted ©.