Մալեզիական օդանաւ մը ջախջախուեցաւ Արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ
280 ճամբորդներ եւ 15 անձնակազմ փոխադրող Մալեզիական օդանաւ մը երէկ գիշեր ջախջախուեցաւ
Արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ: Ուքրանական բանակն ու ռուսամէտ զինեալները զիրար ամբաստանեցին
օդանաւը վար առնելու համար: Ռուսական օդային փոխադրամիջոցներու դաշնակցային գործակալութենէն
աղբիւր մը «Ինթըրֆաքս»-ին յայտնեց, որ մալեզիական օդանաւը վար առած հակաօդային հրթիռին
բուն թիրախը կրնայ ըլլալ որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը Պրազիլէն Մոսկուա փոխադրող
օդանաւն էր: Երկու օդանաւերը Վարշաւայի մօտ նոյն կէտէն անցած են, իրարու շատ նման են,
նոյն գոյնը ունին եւ հեռուէն դժուար է զանոնք զանազանել: Անոնց միջեւ հեռաւորութիւնը
շատ փոքր եղած է: Փութին Մոսկուա հասնելէ ետք անմիջապէս կապ հաստատած է Միացեալ Նահանգներու
նախագահ Պարաք Օպամայի հետ: