2014-07-18 09:43:25

Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ հակադարձութիւններու հանդարտեցման համաձայնութեան լուրը ճիշդ չէ


Իսրայէլացի պաշտօնատար մը, որ պահանջած է իր անունը չհրապարակել, «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած է, որ Համասի եւ իսրայէլեան կառավարութեան միջեւ գոյացած է համաձայնութիւն մը, ըստ որուն, այսօր առաւօտեան ժամը վեցէն սկսեալ զինադադար պիտի հաստատուի: Համաձայնութիւնը գոյացած է իսրայէլեան բարձրաստիճան պատուիրակութեան մեր Եգիպտոսի մէջ կատարուած բանակցութիւններէն ետք: Սակայն իսրայէլացի եւ պաղեստինցի պաշտօնատարներ հերքեցին լուրը:
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպերման յայտնեց, որ այդ լուրը իրականութեան չի համապատասխաներ: Ինք Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ այդ լուրին մասին խօսած է եւ վերջինս վստահեցուցած է, որ «առնուազն մինչեւ այս վայրկեանը այդ հարցը իրեն ծանօթ չէ եւ այդ մասին բան չէ լսած»:
Կազայի մէջ Համասի բանբեր Սամի Ապու Զահրի իր կարգին հերքեց լուրը` նշելով. «Հանդարտեցման համաձայնութեան գոյութեան մասին լուրերը ճիշդ չեն»: Իսլամական ժիհատ շարժումը իր կարգին հերքեց Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման լուրը:







All the contents on this site are copyrighted ©.