2014-07-17 14:12:49

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի այցը Քազերթա։


Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտիին, 17 յուլիսին հրատարակած մէկ հաղորդագրտութեամբ, կը տեղեկացնէ թէ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, յառաջիկայ 26 Յուլիս 2014-ին, Իտալիոյ հարաւը գտնուող` Քազերթա քաղաքը պիտի այցելէ, ուր տեղական կղերին հետ հանդիպում ունենալէ ետք, երեկոյեան ժամը 6-ին` Քաղաքի պաշտպան սրբուհի` Սրբուհի Աննայի տօնին առթիւ, պիտի նախագահէ Սուրբ Պատարագի արարողութեան, հաւատացեալներու ներկայութեամբ։
Նորին Սրբութիւնը ապա երկուշաբթի 28 յուլիսին, դարձեալ Քազերթա պիտի վերադառնայ, ոչ պաշտօնական բնոյթ ունեցող այցելութիւն տալու, իրեն բարեկամ, Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ` Ճովաննի Թրաէթթինօյին։








All the contents on this site are copyrighted ©.