2014-07-17 11:19:02

Օպամա Եւ Մերքել քննարկած են Միացեալ Նահանգներու եւ Գերմանիոյ գաղտնի սպասարկութեանց միջեւ համագործակցութիւնը


Forbs.ru կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել վերջինիս հեռաձայնային հաղորդակցութեանց գաղտնալսման գայթակղութենէն ետք առաջին անգամ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են: Անոնք քննարկած են Միացեալ Նահանգներու եւ Գերմանիոյ գաղտնի սպասարկութեանց միջեւ համագործակցութիւնը եւ լրտեսական գայթակղութիւնը:
Սպիտակ տան մամլոյ ծառայութիւնը նշած է. «Նախագահը եւ վարչապետը կարծիքներ փոխանակած են Միացեալ Նահանգներու եւ Գերմանիոյ գաղտնի սպասարկութեանց միջեւ համագործակցութեան վերաբերեալ: Նախագահը յայտնած է նաեւ, որ պիտի աշխատի համագործակցութեան բարելաւման ուղղութեամբ»:
Հեռաձայնային հաղորդակցութեան մասին յայտնած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականի տեղակալ Պեն Ռոտս: Ան «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ գրած է. «Միացեալ Նահանգներու նախագահը այսօր Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ քննարկած է Ուքրանիոյ եւ Իրանի իրավիճակը ինչպէս նաեւ ամերիկեան-գերմանական յարաբերութիւնները»:
Յուլիսի սկիզբը Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցած էր երկու լրտեսական գայթակղութիւն. 2 յուլիսին ձերբակալուած էր Գերմանիոյ դաշնակցային հետախուզական ծառայութեան աշխատակիցը` ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւններուն տեղեկութիւններ փոխանցելուն համար, իսկ 9 յուլիսին յայտնի դարձած էր երկրորդ ենթադրեալ լրտեսի մը մասին, որ Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան աշխատակից է:







All the contents on this site are copyrighted ©.