2014-07-17 11:08:29

Ս. Աթոռի ''Օսսերվաթորէ Ռոմանօ'' օրաթերթի տնօրէնը կը քննադատէ Անկլիգան եկեղեցւոյ կին եպիսկոպոս ձեռնադրելու որոշումը։


Անգլիոյ եկեղեցին 14 յուլիսին քուէարկած է ի նպաստ կիներու եպիսկոպոս օծման արտօնումին` այդպիսով շրջելով նշեալ ազգային եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութիւնը եւ յաղթահարելով երկարատեւ բանավէճը, որ ականահարած է անկլիքաններու միասնականութիւնը:
Ընդհանուր սինոտոսի որդեգրած որոշումը կը վայելէր աջակցութիւնը Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոս Ճասթին Ուելպիի։ Այժմ Բրիտանիոյ խորհրդարանը պէտք է վաւերացնէ այս որոշումը, որմէ ետք Ընդհանուր սիւնհոդոսը նոյեմբերին նախատեսուած իր յաջորդ ժողովին որոշումին պաշտօնական յայտարարութիւնը պիտի կատարէ:
Վերոյիշեալ որոշումէն ետք, Ս. Աթոռի ''Օսսերվաթորէ Ռոմանօ'' օրաթերթի տնօրէն` Ճովաննի Մարիա Վիան քննադատած է Անկլիգան եկեղեցւոյ վերոյիշեալ որոշումը։ Այս նախաձեռնութիւնը կը բարդէ համամիութեան ուղին։ Այս հարցը չի հայիր միայն կաթողիկէ եկեղեցւոյ այլ եւ օրթոտոքս եկեղեցիներուն։ Եթէ Անկլիգան եկեղեցւոյ գահերէց Ժասթին Ուելպի-ի յարաբերութիւնը բարի է ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ, այս որոշումը ստոյգօրէն պիտի բարդացնէ` երկու եկեղեցիներու միջեւ վարդապետական մօտեցումը ։
''Օսսերվաթորէ Ռոմանօ'' օրաթերթի տնօրէնին համար այս որոշումը ժխտական հետեւանք պիտի ունենայ քրիստոնեաներու միութեան գործընթացին վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.