2014-07-17 11:32:10

Համաշխարհային Ա. պատերազմի Գերմանական արխիւները բաց են հասարակութեան համար


«Եուրոմակ»` յղում կատարելով ria.ru կայքին, կը հաղորդէ, որ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք Համաշխարհային Ա. պատերազմի գերմանական արխիւները տարուած են Ռուսիա: Անոնց շնորհահանդէսը տեղի ունեցած է Մոսկուայի զինեալ ուժերու կեդրոնական թանգարանին մէջ:
Տումայի նախագահ Սերկէյ Նարիշքին նշած է. «Եթէ այդ փաստաթուղթերը նախապէս հասանելի էին միայն մասնագէտներուն, ապա այսօրուընէ սկսեալ արդէն բաց են բոլոր անոնց համար, որոնք հետաքրքրուած են պատմութեան մանրամասնութիւններով»:
Նարիշքին նշած է, որ ասիկա Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Մոսկուայի մէջ Գերմանիոյ պատմութեան հիմնարկի միացեալ նախագիծն է:







All the contents on this site are copyrighted ©.