2014-07-17 11:10:56

Ասատ. «Սուրիացի ժողովուրդին տոկունութիւնը «արաբական գարնան» մահը հռչակեց»


Չորեքշաբթի,16 կէսօրին, Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի նախագահութեան երրորդ նստաշրջանի երդման արարողութիւնը: Սուրիոյ նախագահական պալատին մէջ կազմակերպուած արարողութեան ներկայ էին մեծ թիւով երեսփոխաններ, ինչպէս նաեւ իսլամ եւ քրիստոնեայ հոգեւորականներ:
Ասատ նախագահ ընտրուած էր անցեալ ամիս` ստանալով ընտրողներու ձայներուն 88.7 առ հարիւրը:
«3 տարի եւ 4 ամիս ետք ժողովուրդը ուզեց եւ գործադրեց», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութեան մասնակցութեան բարձր համեմատութիւնը հանրաքուէ մըն էր ընդդէմ ահաբեկչութեան եւ տապալեց մեծ պետութեանց ու ազդեցիկ ղեկավարներու ծրագիրները:
Ան ողջունեց նախագահական ընտրութեան ընթացքին իր մրցակիցները` նշելով, որ անոնք ժողովրդավար Սուրիոյ իսկական պատկերը ցոյց տուին` աւելցնելով. «Ապագան ժողովուրդին կը պատկանի եւ ոչ թէ ուրիշին»:
Ասատ ըսաւ, որ շրջանին մէջ գոյութիւն ունի մեծ ծրագիր մը, որ Սուրիոյ սահմանները պիտի շրջանցէ, եւ ահաբեկչութեան աջակցած պետութիւնները սուղ գին պիտի վճարեն:
Ան յայտնեց. «Էրտողան չի համարձակիր Աքսայի մզկիթին մէջ նամազ կատարել փափաքիլ, ինչպէս փափաքեցաւ Օմայատներու մզկիթին մէջ նամազ կատարել»:
Սուրիոյ նախագահը ըսաւ, որ յառաջիկայ հանգրուանին ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնանայ նահատակներու ընտանիքներուն եւ անյայտ ճակատագիր ունեցողներուն վրայ:
Ասատ յայտնեց, որ շրջանին մէջ տեղի ունեցողը զայն մասնատելու համար է եւ բռնատէր պետութիւններու կողմէ գործադրուող արեւմտեան ծրագիր մը` աւելցնելով. «Այն ինչ որ Սուրիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ, ուղղակի կերպով կապ ունի Պաղեստինի իրադարձութեանց հետ»:
«Սուրիացի ժողովուրդին տոկունութիւնը «Արաբական գարնան» մահը հռչակեց»:
Ասատ ըսաւ. «Պիտի չհանգչինք, մինչեւ որ Հալէպը ապահով ու հանգիստ դառնայ»` աւելցնելով. «Պիտի չմոռնանք մեր սիրելի Ռաքքան, զոր պիտի փրկենք ահաբեկչութենէն»:
«Պիտի չմոռնանք լիբանանեան հաւատարիմ Դիմադրութեան հերոսները, որոնք բանակի կողքին պատուաբեր ճակատամարտեր մղեցին», ըսաւ Ասատ, որ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Իրանի, Ռուսիոյ եւ Չինաստանի` «սուրիացի ժողովուրդին որոշումը յարգելնուն համար»:
Նշենք, որ արարողութենէն ետք Դամասկոսի մէջ հրասանդէ արձակուած երկու հրթիռներ հարուածեցին Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանի շէնքը:







All the contents on this site are copyrighted ©.