2014-07-16 11:33:38

Ֆրանչիսկոս Պապի գործունէութիւնը։


Չորեքշաբթի 16 յուլիս 2014։ Ինչպէս տեղեկացուցած էր Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի հրատարակած մէկ հաղորդագրութիւնը, Յուլիս ամսուայ ընթացքին դադրած կը նկատուին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնները։ Անոնք կը վերսկսին 6 օգոստոսին, թէեւ` Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Քորէայ կատարելիք հովուական այցելութեան առթիւ (14 -18 օգոստոս) օգոստոս 13-ին նախատեսուած ունկնդրութիւնը եւս չեղեալ նկատուած է։

Յայտնենք որ Նորին Սրբութիւնը Քորէան պիտի այցելէ` Ասիայի երիտասարդութեան 6-րդ օրուայ տօնախմբութեան առթիւ, եւ հովուական այցելութեան ընթացքին պիտի նախագահէ Փոլ Եուն Շի Զունկի ու անոր 123 նահատակ ընկերներու երանացման սուրբ պատարագի արարողութեան։
Սրբազան Պապին Քորէա կատարած այցելութիւնը կը հանդիսանայ Քահանայապետական առաքելական երրորդ միջազգային ճամբորդութիւնը







All the contents on this site are copyrighted ©.