2014-07-16 11:20:17

Քուպայի մէջ կնոջական շարժումի ցոյցին ընթացքին 90 անձեր ձերբակալուած են


Պերթա Սոլեր խմբաւորման ղեկավարը կը հաղորդէ, որ Քուպայի մէջ ընդդիմադիր «Ճերմակ հագուստի տիկիններ» կնոջական շարժումի խաղաղ ցոյցին ընթացքին ոստիկանութիւնը ձերբակալած է 90 գործիչներ:
Ան գերմանական «Տի.Փի. Էյ.» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ 82 գործիչներ, որոնց մեծամասնութիւնը` կիներ, կիրակի օր մայրաքաղաք Հաւանայի մէջ խաղաղ քայլարշաւի մը ընթացքին ձերբակալուած են, իսկ 11 ուրիշներ ոստիկանութեան կողմէ ձերբակալուած են ցոյցին մասնակցելու համար իրենց տուներէն դուրս գալու ընթացքին:
Կարճ ժամանակ ետք բոլոր ձերբակալուածները ազատ արձակուած են:
Ապահովական ուժերը միջամտած են, երբ շարժումը կիրակի օրուան զուգադիպող իր շաբաթական ժողովը կը կատարէր` նշելու համար քսան տարի առաջ պատահած ողբերգութիւն մը:







All the contents on this site are copyrighted ©.