2014-07-16 11:23:58

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Անհեռատես Քաղաքականութիւն
Ոչ ոք անսխալական է...
Իւրաքանչիւր մարդ ու նաեւ՝ ամէնէն քաղաքագէտ ու իր արտաքին յարաբերութիւնները հեռատեսութեամբ կարգաւորող պետութիւնները երբեմն կը կատարեն սխալներ, որոնք ՜՜մարդիկ՝՝ իրենց անձին ու շրջապատին, իսկ ՜՜պետութիւնները՝՝ իրենց երկրի ապահովութեան եւ ժողովուրդի անվտանգութեան, մեծ հարուած կը հասցնեն:
Ժողովրդային հին իմաստութեան խորհրդանիշ դարձած Արեւելեան նշանաւոր Կրօնաւորը, կ՛ըսուի, թէ ՜՜օր մը ծառ բարձրացած ըլլալով, իր կեցած ճիւղը կը սղոցէր: Թէ ի՞նչ նպատակով եւ կամ ինչպիսի՞ խորամանկութեամբ կը կատարէր այդ դերասանութիւնը ան, (կարեւոր չէ՛ հիմա մեզի համար), սակայն, իսկ թէ՝ կեցած ճիւղը սղոցելուն հետեւանքը ի՞նչ կրնայ ըլլալ, շատ պարզ է բոլորիս համար՝՝:
Ապագայի նկատմամբ ամէն տեսակի անհեռատես մօտեցումներ, իր կեցած ճիւղը սղոցելու անմտութեան կը նմանին, ի՛նչ ալ ըլլան դիտումները կամ կատարուած հաշուարկները: Ասիկա քաջասրտութիւն չէ, այլ՝ յիմարութիւն...Քանի որ ՜՜վար իյնալով ու հաւանաբար մեռնելով այդ անձը նահատակ չէ այլ «էշ նահատակ», որովհետեւ անզգուշութեա՛ն ու անհեռատեսութեան պատճառաւ ան վար ինկաւ ու մեռաւ: Մինչ եթէ հեռատես մօտեցում ցուցաբերէր ան, պէտք է նախապէս քննէր իր կեցած տեղը եւ նայէր այն ճիւղի ամբողջ երկայնքին, որուն վրայ պիտի տարուբերէր իր սղոցը:
«Կեանքի ծառ» կրնանք կոչել այդ ծառը, որուն վրայ սղոց պիտի շարժենք մեր կեանքը կոկելու եւ դասաւորելու համար: Կրօնական բացատրութեամբ կամ Աստուածաշնչական կոչումով «Կենաց Ծառէն» շատ հեռու է մեր բացատրած «Կեանքի ծառը», որ պարզապէս կեանքի տեւողութիւնը կը խորհրդանշէ:
Հարցում մը. _ Ո՞վ կրնայ սղոց շարժել այս «ծառին» վրայ:
Պատասխան. _ Ամէ՛ն ոք, որ այս կեանքին մէջ կ՛ապրի:
Ուրեմն, իւրաքանչիւր անձ՝ որ տէրն է իր կեանքին, կրնայ իրեն համար դասաւորումներ կատարել, ծրագիրներ մշակել, ապագայ կերտել, իր քաղաքականութիւնը ճշդել՝ յարաբերաբար կեանքի բոլոր դէպքերուն, այսինքն սղոցել այս «ծառի» ճիւղերէն յարմարագոյնները՝ իր հայեցողութեամբ կոկելու համար զայն: Հակառակ այս թոյլտուութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքին, դարձեալ հանրային կարծիքով յիմար կը համարուին անոնք, որոնք իրենց կեցած ճիւղը կը սղոցեն:
Ընկերային կեանքի մէջ ծաղկող «ծառերը» այսինքն մարդկային կեանքերը, անօրինակ գեղեցկութիւն կու տան ՜՜կեանք-պարտէզին՝՝, մանաւանդ երբ իրենց զանազանութիւններով, տեսականիի թէ բոյրի տարբերութիւններով, կը զարդարեն այդ պարտէզը:
Մարդկային ընկերութիւնը կը հաւատայ, թէ այդ «ծառին» ճիւղերը սղոցելու իրաւունք ունին նաեւ դաստիարակներ, ըլլան անոնք ծնողներ թէ ուսուցիչներ, պատասխանատուներ թէ մարզիչներ, կրօնական, քաղաքական, ընկերային թէ հասարակական այլ բնագաւառներէ ներս կազմակերպչական դեր ստանձնած մարդիկ: Ուրեմն, անոնք դաստիարակչական աշխատանքի լծուած ըլլալով, պարտաւորութիւնը ունին յղկելու եւ ձեւաւորելու իրենց յանձնուած մարդոց «Կեանքի ծառը» միշտ ուշադիր որ անդարմանելի սխալներ չկատարուին: Փորձառու դաստիարակներ թէ հասուն ծնողներ երբեմն չե՛ն անդրադառնար, թէ իրենց ապագային համար կարեւոր մէկ անձին կամ իրենց ծերութեան տարիներուն զիրենք խնամելու կոչուած զաւակին կեանքը փճացնելով, սղոցած կ՛ըլլան այն ճիւղը, որուն վրայ կեցած են: Ասիկա պիտի նմանէր այն յիմար մարդուն, որ ցերեկը պիտի քանդէր այն տունը, որուն մէջ գիշերը պիտի քնանար: Անմի՛տ մարդ, ո՞ւր պիտի քնանաս գիշերը, ո՞ւր պիտի հանգչեցնես գլուխդ, երբ քանդած ես արդէն տունդ… Մանուկին «Կեանքի ծառը» խնամքիդ յանձնողը Աստուած Ի՛նք է՝ իսկական պարտիզպանը: Դուն որ ծառերը յօտելու եւ խնամելու կոչուած ես, ի՞նչ անհեռատես քաղաքականութեամբ կը փճացնես այդ պարտէզը: Աշխարհի պատմագիրքին մէջ անունդ իբրեւ պարտիզպան, ինչպէ՞ս պիտի յիշուի արդեօք: Կարելի՞ է պատկերացնել, թէ իր կեցած ծառը սղոցող պարտիզպանը կոչուի «իմաստուն պարտիզպան«, թէ՞… Սոյն յօդուածին սկիզբը յիշուած Արեւելեան Կրօնաւորին չափ սրամիտ մարդիկ ալ չմնացին ո՛չ կրօնաւորներուն մէջ, ո՛չ ալ աշխարհականներու դասին մէջ, որոնք գէթ կարողանային բացատրութիւն տալ իրենց կեցած ճիւղը սղոցելու արարքին ետին թաքնուած ծրագիրին մասին:
Ամէն պարագայի, անհեռատես քաղաքականութիւնը ցայսօր այնպիսի ողբերգութիւններու պատճառ հանդիսացած է, որ ամէնէն փորձառու քաղաքագէտներն անգամ երկրէ երկիր թռչկոտելով, հարիւրաւոր քաղաքագէտներու հետ խորհրդակցելով, չե՛ն յաջողիր լուծում բերել մարդկային ընկերութեան կեանքը խոցոտող հոգեկան ցաւերուն ու անոր մարմինին վրայ կոտտացող արիւնալի վէրքերուն:
Յիշուած երկու պարագաներուն՝ մարդը իր կեցած ճիւղը սղոցելու պարագային, եւ միւսը՝ երբ նոյնը կը կատարէ դաստիարակող անձը՝ իր խնամքին յանձնուած մարդուն ի վնաս, ասոնցմէ ո՞ր մէկը յանձաւոր է ու աւելի արժանի ՜՜պատիժի՝՝...:
Մեր համեստ կարծիքով՝ երկրորդը: Որովհետեւ առաջինը կրնայ անփորձութեան պատճառով սղոցել իր կեցած ճիւղը եւ վար իյնալ՝ անգիտակից նահատակը դառնալով տուեալ պահուան: Սակայն, դաստիարակը երբ նոյն գործը կատարէ, մանաւանդ իրեն յանձնուած անձին հասցնելով մահաբեր վնաս, կը կորսնցնէ ներման արժանանալու ամէն հնարաւորութիւն...
Անհեռատես քաղաքականութեան հետեւանք են անհատական եւ հաւաքական կեանքի մէջ պատահող դժբախտութիւնները: Օգնե՛նք «Կեանքի ծառին» վրայ բարձրացած միամիտներուն ու անոնց դաստիարակներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.