Պաղեստինեան Համաս շարժումի զինեալ թեւը` Քասսամի փաղանգներ զինեալ խմբաւորումը երէկ
կտրուկ կերպով մերժեց զինադադարի հաստատման համար եգիպտական նախաձեռնութիւնը` զայն նկատելով
«անձնատուութիւն եւ ընկրկում» մը: Խմբաւորումը նաեւ նշեց, որ Իսրայէլի դէմ իր ճակատումը
պիտի շարունակուի եւ աւելի բուռն պիտի դառնայ: Համաս շարժումը իր կարգին յայտարարեց,
որ կռիւը դադրեցնելը բացառուած է, այնքան ատեն որ դիմադրութեան պայմանները չեն ապահովուած`
աւելցնելով. «Մեզ նախաձեռնութեան շուրջ խորհրդակցութիւններուն մասնակից չդարձուցին, ուստի
մենք մեզ անոր նկատմամբ յանձնառութենէն ազատ կը նկատենք»: Սակայն շարժումի բանբեր Մուսա
Ապու Մարզուք աւելի ուշ «Մայատին»-ին յայտնեց. «Մինչեւ հիմա նախաձեռնութեան նկատմամբ
Համասի կողմէ պաշտօնական կեցուածք մը գոյութիւն չունի»` աւելցնելով. «Կազայի մէջ գործող
ուժերուն եւ ժողովուրդին մօտ տրամադրութիւնը «հանդարտեցում փոխան հանդարտեցման» տարազի
մերժումն է»: Պաղեստինի ազատագրութեան ժողովրդային ճակատի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ
Ապու Ահմետ Ֆուատ իր կարգին յայտարարեց. «Կը մերժենք եգիպտական նախաձեռնութիւնը, որովհետեւ
պաղեստինցիներն ու բռնագրաւումը նոյն նժարին վրայ կը դնէ»: Նախաձեռնութիւնը մերժուեցաւ
նաեւ Իսլամական Ժիհատի խմբաւորման կողմէ: