2014-07-16 11:20:28

Գաղտէացիներու Պատրիարքի կոչը Իրաքի երեսփոխաններուն


Գաղտէացիներու Պատրիարք Սաքօ` նամակ մը յղած է Իրաքի երեսփոխաններուն, որուն մէջ կոչ ըրած է բոլոր քաղաքական իշխանութիւններուն ՝ գիտակցելու համար, թէ երկիրը հետզհետէ դէպի քաոս կ՛ընթանայ մինչ աւելորդ ժամանակ կը կորսուի։
Պատրիարքը իր յղած նամակով հրաւէր ուղղած է Սիւննի եւ Շիի կրօնի պատկան պատասխանատուներուն, միացնելու իրենց ձայնը քրիստոնեաներու հեզ ձայնին, ու միասնաբար գործելու նախագահական ընտրութեան արագացումին ինչպէս նաեւ փրկելու Իրաքը անհաւասարակշռութեան վտանգէն։

Գաղտէացիներու եկեղեցւոյ պետը նաեւ շարադրած է աղօթք մը զայն ուղղելով Իրաքի երեսփոխաններուն, խնդրելով անոնցմէ, որ սոյն աղօթքը արտասանեն նախքան խորհրդարանական ժողովները։
Աղօթքին մէջ կը կարդանք. ''Տէր, օգնէ մեզի, որպէսզի կարենանք երկխօսել եւ մէկը միւսը հասկնալ, անհետացնել մեր միջեւ տեղի ունեցած անհասկոցողութիւնները, հեռու պահելով որեւէ տեսակ կաշկանդում։
Աստուած , օգնէ մեզի տարածելու մեր ժողովուրդին մէջ խաղաղութիւն եւ անդորրութիւն եւ Իրաքը կարենայ յաղթական դուրս ելլել իր բոլոր հարցերուն ընդմէջէն։ Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.