2014-07-15 10:29:22

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի պատգամը Մեքսիքոյի մէջ կայացած գաղթականութեան մասին ուսումնաժողովի առթիւ։


''Սուրբ Աթոռ - Մեքսիքօ երկխօսութիւն. մարդկային տեղաշարժը եւ զարգացումը''
Երկուշաբթի, 18 յուլիսին, Մեքսիքոյի մէջ տեղի ունեցած ''Սուրբ Աթոռ - Մեքսիքօ երկխօսութիւն. մարդկային տեղաշարժը եւ զարգացումը'' նիւթով, գաղթականութեան մասին ուսումնաժողովին առթիւ, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ Վատիկանի Պետքարտուղար` Կարտինալ Փիեթրօ Փարոլինը ու այլ Եկեղեցական բարձրաստիճան պատասխանատուներ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պատգամ մը ուղղած է ժողովականներուն, որուն մէջ անդրադարձած է համաշխահականացումի մասին ու անոր գլխաւոր երեւոյթներէն մէկուն որ է գաղթականութիւնը։
''Հակառակ որ գաղթականութեան իրողութիւնը ներկայ է բոլոր ցամաքամասերու եւ երկիրներուն մէջ սակայն ան տակաւին նկատուած է որպէս արտակարգ իրավիճակ եւ կամ որպէս եզակի մէկ երեւոյթ, մինչ իրականութեան մէջ ան դարձած է մեր ընկերութիւններուն համար մարտահրաւէր եւ բնորոշիչ տար'', գրած է Քահանայապետը իր պատգամին մէջ յայտնելով որ այս երեւոյթը իր հետ կը բերէ մեծ խոստումներ ու բազմաթիւ մարտահրաւէրներ։
Շատ մը գաղթականներ կը տառապին ու յաճախ որբերգական ճակատագիր կ՛ունենան, ուրիշներ կը զրկուին իրենց իրաւունքներէն եւ ստիպուած են բաժնուիլ իրենց ընտանիքներէն եւ դժբախտաբար ենթարկուած են ցեղապաշտ եւ օտարատեաց վերաբերմունքի։
''Այս իրողութեան դիմաց կը կրկնեմ այն ինչ որ հաստատեցի գաղթականութեան օրուան առթիւ հրատարակած պատգամիս մէջ թէ ''հարկաւոր է բոլորին կողմէ վարուելակերպի փոփոխութիւն մը հանդէպ` գաղթականներուն եւ ապաստանեալներուն։ Պաշտպանութեան, վախի, անտարբերութեան եւ մեկուսացումի վարուելակերպին տեղ որդեգրել վարուելակերպ մը որուն հիմը ըլլայ ''հանդիպման մշակոյթի'' ` միակը որ կարող է կերտել աւելի արդար եւ եղբայրական աշխարհ մը, աւելի լաւ աշխարհ մը''. Վերահաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը իր պատգամին մէջ ու ապա անդրադարձաւ երախաներու գաղթականութեան երեւոյթին որոնք խուսափելու համար աղքատութենէն եւ բռնութենէն, կը դիմեն գաղթականութեան։ ''Այս համամարդկային տագնապը կարիքը ունի անմիջական միջամտութեան մը, որպէսզի այս անչափահասները ընդունուին եւ պաշտպանուին, ու ասոր կից հարկաւոր է տեղեկատուական քաղաքականութիւն մը որ ի յայտ դնէ ճանապարհորդութեան դժուարութիւններն ու վտանգները ինչպէս նաեւ հարկաւոր է միջազգային հասարակութեան ուշադրութեան յանձնել արտագաղթի իրաւական եւ ապահով նոր ձեւեր որդեգրելու անհրաժեշտութիւնը'' գրած է Նորին Սրբութիւնը ու պատգամին աւարտին, մաղթած է ուսումնաժողովի աշխատանքներու յաջող ընթացք մը, բոլոր մասնակիցներուն տալով իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.