2014-07-15 10:21:00

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը դատապարտէ ''աւելորդի մշակոյթը''։


Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդը, 11 եւ 12 յուլիսին, Վատիկանի գիտութեանց կաճարին մէջ կազմակերպեց տնտեսական արհեստանոց մը ''հասարակաց բարիքը տնտեսութեան մէջ'' նիւթով։ Ուսումնաժողովին իրենց մասանակցութիւնը բերին շուրջ 70 համալսարանականներ, գործատէրեր եւ քաղաքացիական ընկերութեան ներկայացուցիչներ։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետն ալ մասնակցեցաւ խորհրդաժողովին, որուն կազմակերպութեան համար իրենց նպաստը բերին միջազգային հաստատութիւններ ինչպէս. համաշխարհային դրամատունը եւ ՄԱԿի գիւղատնտեսական զարգացման միջազգային ֆոնտըխ..։
Համագումարին կէտնպատակն է խորացնել ամբողջական տնտեսութեան հեռանկարը, որու մասին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը խօսի 'Evangelii gaudium - Աւետարանի բերկրանքը''' առաքելական յորդորագիրին մէջ։ Աշխատանքը սկիզբ առաւ 11 Յուլիս 2014-ին, Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` կարտինալ Փիդէր Թուրքսոնի զեկոյցով։ Մեր գլխաւոր կէտնպատակն է ըսաւ կարտինալը սերտել ու բարգաւաճել ամբողջական տնտեսութիւն մը, ազգի մը բոլոր զաւակներու լաւագոյն բարօրութեան մը համար։
ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակցողներուն եւ խորհրդածութիւն մը կատարեց մարդու ապագային մասին, տնտեսական ներկայ դրութեան մէջ։ Սրբազան Քահանայապետը զգուշացուց մարդու դերը վերածելու մտումէն։ Երբ մարդը կը կորսնցնէ իր մարդկութիւնը եւ կը դառնայ միջոց մը ընկերային տնտեսութեան դրութեան, ուր անհաւասարակշռութիւնները օրէնսդիր կը դառնան։
Սրբազան Հայրը անգամ մը եւս մեղադրեց ներկայ տնտեսական դրութիւնը որ նախապատուութիւն կու տայ շահի եւ կը մեկուսացնէ մարդը։ ''Հարկաւոր է ազատել մարդը ու զայն դնել կեդրոնը ընկերութեան, մեր մտածմունքին ու խորհրդածութեան'', ըսաւ Սրբազան Հայրը գնահատելով մասնագէտներու աշխատանքը ու խրախուսելով զանոնք շարունակել աշխատիլ որպէսզի մարդը չի նկատուի երկրորդական դասակարգի վրայ։ Սրբազան Հայրը անգամ մը եւս դատապարտեց այն մշակոյթը որ կը մերժէ մանուկը, տարեցը, ինչպէս նաեւ նոր սերունդը` որ գործազրկութեան մէջ կ՛ապրի։
Ո՞րը պիտի ըլլայ յառաջիկայ աւելորդը, հարց տուաւ Սրբազան Հայրը ու բացագանչեց`. ''խնդրեմ ժամանակին վերջ տանք ներկայ դրութեան''։








All the contents on this site are copyrighted ©.