2014-07-15 14:44:26

Մոսուլի մէջ արեւանգուած երկու մայրապետները ազատ արձակուած են։


Գաղտէացիներու Պատրիարք Սաքօ, Ասիա Նիւզ լրատու գործակալութեան հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է իր խնդակցութիւնը երկու մայրապետներու եւ երեք որբերու ազատագրումին լուրին համար։
''Վերջապէս ուրախ լուր մը'' ըսած է Գաղտէացիներու Պատրիարքը՝ մեկնաբանելով մայրապետներու ազատագրման լուրը, որոնք արեւանգուած էին անցեալ 28 յունիսին
ծայրայեղ իսլամական խմբակի մը կողմէ, Իրաքի մէջ ։
Վերոյիշեալ երկու մայրապետները կը պատկանին ''Անարատ Յղութեան որդիներ'' անուան միաբանութեան։Անոնք, Մոսուլ քաղաքի մէջ Գաղտէացիներու առաջնորդարանի մօտ գտնուող որբանոցի՝ ընտանիքէ զուրկ մանուկներով կը զբաղէին։
Ըստ գաղտէացիներու Պատրիարքին՝ մայրապետներու ազատագրումը տեղի ունեցած է ոչ մէկ նիւթականի փոխհատուցումով։







All the contents on this site are copyrighted ©.