Միաբանական Ժողով եւ Հոգեւոր Կրթութիւն Զմմառու վանքին մէջ։
Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին նախօրեակին, յառաջիկայ 4-էն 9 Օգոստոս 2014, Զմմառու
Պատրիարքական Միաբանութիւնը պիտի գումարէ Միաբանական ժողով մը, որուն ներկայ պիտի գտնուին
աշխարհասփիւռ միաբան հայրեր, եպիսկոպոսներ և վարդապետներ: Ժողովի ընթացքին պիտի քննարկուին
Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութիւնը, Հայ Կաթողիկէ համայնքը և Եկեղեցին յուզող հարցեր:
Միաբանական
ժողովէն ետք նախատեսուածէ երրօրեայ հոգեւոր կրթութիւն 12 - 14 Օգոստոս ի պատրաստութիւն
Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին, որ` Զմմառու վանքին անուանակոչութեան տօնն է: