2014-07-15 09:52:49

Եւրոպական միութեան շարք մը երկիրներ դէմ են, որ Էշթընին փոխարինէ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարը։


«Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան շարք մը երկիրներ կը փորձեն կանխարգիլել Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆետերիքա Մոկերինիի սպասուող նշանակումը արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով Եւրոպական Միութեան գերագոյն յանձնակատար:
«Ֆետերիքա Մոկերինիի նշանակման դէմ արշաւը կը տանին Լաթվիան, Լիթուանիան, Էսթոնիան եւ Լեհաստանը: Անոնք կը կարծեն, որ Իտալիան բաւականաչափ կարծր դիրքորոշում չունի Ռուսիոյ նկատմամբ», կը նշէ օրաթերթը:
Ըստ օրաթերթին, այդ խումբի ջանքերը այժմ կը ստանան ռազմավարական աջակցութիւն Եւրոպական Միութեան անդամ այն պետութիւններէն, որոնք հանդէս կու գան Ռուսիոյ նկատմամբ աւելի խիստ պատժամիջոցներու ի նպաստ:
2009-ին եւրոպական դիւանագիտութեան ղեկավարի պաշտօնը վարող Քեթրին Էշթընը յաջորդողին թեկնածութիւնը պէտք է յայտարարուի այս շաբթուան ընթացքին` Եւրոպական Միութեան վեհաժողովի աշխատանքներուն արդիւնքներով:







All the contents on this site are copyrighted ©.