2014-07-15 09:33:21

Երեւանը աշխարհի ամէնէն սուղ քաղաքներուն 187րդն Է


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Երեւանը զբօսաշրջիկներու համար աշխարհի 211 ամէնէն սուղ քաղաքներու ցանկին մէջ 187րդ դիրքին վրայ է: Ցանկը պատրաստած է «Mercer» ընկերութիւնը:
Հայաստանի մայրաքաղաքը նախորդ տարի 195րդ դիրքին վրայ էր։
Ուսումնասիրութիւնը կատարուած է հինգ մայր ցամաքներու 211 քաղաքներուն մէջ, իսկ կեանքի սղութեան մակարդակը գնահատուած է 200 կէտերով՝ ներառեալ կացարանը, փոխադրութիւնը, սնունդի, հագուստի, տնային պարագաներու եւ զուարճալիքներու գինը:
Հայաստանի դրացի երկիրներու մայրաքաղաքներէն Թիֆլիսը 194րդ դիրքին վրայ է, աւելի սուղ է Պաքուն՝ 46րդ դիրք, իսկ Թեհրանը՝ 77րդ: Պոլիս քաղաքը 135րդ է:
Ըստ փորձագէտներուն՝ ամէնէն սուղ քաղաքը այս տարի Անկոլայի մայրաքաղաք Լուանիան է: Երկրորդ դիրքին վրայ է Չատի մայրաքաղաք Նճամենան, երրորդ դիրքի՝ Հոնկ Քոնկը: Առաջին տասնեակին մէջ են նաեւ Սինկափուրը, Ցիւրիխը, Ժընեւը, Թոքիոն, Պեռնը եւ Շանկհայը:








All the contents on this site are copyrighted ©.