2014-07-15 09:49:53

Աւելի քան երեսուն հազար Ուքրանացի Ռուսիայէն ապաստան կամ գաղթականի կարգավիճակ խնդրած Է։


ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ Դաշնակցային գաղթի ծառայութեան ղեկավար Քոնսթանթին Ռոմոտանովսքի ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով յանձնակատար Վինսենթ Քոշթելի հետ հանդիպումէն ետք յայտարարած է, որ 30,495 ուքրանացի ծառայութեան դիմած է գաղթականի կարգավիճակ կամ ժամանակաւոր ապաստան ստանալու համար:
Ըստ անոր, 26.5 հազար մարդ դիմած է ժամանակաւոր ապաստանի, իսկ շուրջ չորս հազարը` գաղթականի կարգավիճակ ստանալու համար: Դաշնակցային գաղթի ծառայութեան ղեկավարը ընդգծած է, որ դիմումներու աճը մտահոգիչ է:
Ծառայութեան ղեկավարը նաեւ նշած է, որ 130 հազար ուքրանացիներ դիմած են իրենց գերատեսչութեան` Ռուսիոյ մէջ գտնուելու ժամկէտը երկարաձգելու համար:







All the contents on this site are copyrighted ©.