2014-07-15 09:45:56

Ապրիլ առանց վախի


Եթէ գիտէք ասիկա, երանի՜ ձեզի, եթէ կը գործադրէք զայն: Ձեզի ամէնուդ համար չէ որ կը խօսիմ, ես կը ճանչնամ անոնք, զորս ընտրեցի, բայց հարկ է, որ Գիրքը կատարուի. «Ան, որ հետս կ'ուտէր ըրաւ ինծի խաբէութիւն: Այժմ իսկ կ'ըսեմ ձեզի, դէպքին կատարուելէն առաջ, որպէսզի երբ ան կատարուի, դուք հաւատաք թէ Ես Եմ» (Յովհ 13, 17-19)
Եկեղեցին նոյնն է երէկ եւ այսօր: Յիսուսի առաքեալները ապրեցան տարակոյսը, վախը, տխրութիւնը եւ ձախողութիւնը: Հակառակ ասոր, Յիսուս չվարուեցաւ իրենց հետ. իրենց պարզապէս հարցուց «ինչո՞ւ կը խռովիք եւ ինչո՞ւ տարա-կոյսներ կը ծնին ձեր սրտերուն մէջ» (Ղուկ 24, 38): Յիսուսի սիրելի այս խօսքերը կը կրկնուին այսօր մեզի ուղղուելով: Ինչպէ՞ս մենք՝ որպէս Աստուծոյ որդեգրուած զաւակներ կրնանք իրականացնել Իր կամքը, երբ մենք վախի մէջ կը գտնուինք:
Վախը իսկական արգելքը կը մնայ ընդու-նելու Աստուծմէ ղրկուածը: Մենք որպէս Աս-տուծոյ արարածներ կ'անգիտանանք ապագան, ինչ որ Աստուծոյ համար կարելի բան է: Ինչո՞ւ ուրեմն վախնալ այն բաներէն որոնք Աստուծմէ կու գան մանաւանդ երբ գիտենք թէ Աստուած Սէր է:
Եթէ կը փափաքինք Աստուծոյ կամքը ընդունիլ, պէտք է ինքզինքնիս նուիրենք Աս-տուծոյ, եւ ատոր դնելու ենք մեր կամքը եւ կեանքը խաչին առջեւ՝ գիտնալով որ Աստուած լաւագոյնը պիտի ընէ մեզի, պայմանաւ որ մեր կարգին՝ վստահութիւն ներշնչենք իրեն ստգիւ-տութեամբ մանաւանդ Իր կոչին, որովհետեւ որպէս մեր Հայրը, պիտի իրագործէ մեզի հա-մար լաւագոյնը: Մեր յարաբերութիւնը Աստու-ծոյ հետ կը պարտադրէ մեզի ունենալ ո՛չ վախ եւ ո՛չ տարակոյս, եւ խոստովանելու թէ իրեն համար անկարելի բան չկայ որովհետեւ Ան կարող է ամէն բանի: Դնենք մեր փարումը անոր որ ղրկուեացաւ մեզի ապահովութիւն եւ երջանկութիւն տալու, մանաւանդ մեր կեանքը անվախ կերպով ապրելու եւ ազատ կերպով ընդունելու «Ես եկայ որպէսզի մարդիկ կեանք ունենան եւ առատութեամբ ունենան (Յովհ 10, 10): Աստուծոյ կամքը ընդունիլ առանց վախի մեզի կը բերէ իսկական ուրախութիւնը եւ ճշգրիտ բարօրութիւնը:
Մեր պարտականութիւնը որպէս քրիս-տոնեաներ բեռելու ենք Քրիստոսի ուրախու-թիւնը ամէն տեղ եւ ուր որ ալ գտնուինք, որով-հետեւ Աստուած մեզի այս շնորհքը շնորհեց, օրհնուեցանք իրմով եւ այս օրհնութիւնները կը շարունակուին ցայտելու իր սիրոյ յաւիտե-նական աղբիւրէն:
Երբեմն չենք հասկնար այն պահերը երբ կը հարցնենք մենք մեզի թէ ինչո՞ւ գէշ բաները կը շարունակուին, թէ ինչու չարիքը կը վերա-տեսուի, ինչու սրտնեղութիւնը կը ներխուժէ եւ նոյնիսկ թէ մենք ինչու այս աշխարհիս մէջ կը գտնուինք:
Այս կամքով եւ դիրքորոշումով կրնանք կշռադատել Աստուածային ծրագիրը որուն միջոցաւ կրնանք սիրով ընդունիլ Աստուծոյ մեծութիւնը եւ կամքը որովհետեւ սէրը ամէն բան կը նուաճէ: Աստուծոյ մեծութիւնը կը գտնուի խաչին մէջ որովհետեւ երկնքի ամէնա-մեծ նուէրն է եւ ասով Քրիստոս մեզի շնորհեց կեանքը:
Ո՜վ Յիսուս, գիտեմ թէ ուր որ գտնուիմ, քու շուքդ զիս կը ծածկէ, կը տեսնեմ քու լոյսդ, կը զգամ քու ներկայութիւնդ: Դուն զիս ընտրեցիր քու միտքդ ընդունելու: Երբ քու խաչիդ նայիմ, ինքզինքս երախտապարտ կը զգամ որովհետեւ աչքիս առջեւ կը նշմարեմ թափած արիւնդ ին-ծի համար, փուշէ ծաղկեպսակին մէջ կը տեսնեմ այս չարչարանքները որ կրեզիր ինծի համար: Ես անարժան են, ո՜վ Տէր, դուն զիս կը լուաս իմ մեղքերէս եւ իմ հոգիս կը լեցնես ապրուած ջուրով: Օգնէ ինծի մերժելու վախը եւ տարակոյսը ինքզինքս քեզի նուիրելու եւ հասնելու քու մեծութեանդ: Ամէն:
Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան







All the contents on this site are copyrighted ©.