2014-07-14 12:10:42

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը լսատեսողական պատգամով մը ներողութիւն կը խնդրէ Ճեմելլի բազմաբուժարան չայցելելուն համար։


Անցեալ 27 յունիսին նախատեսած էր ֆրանչիսկոս Քահանայապետին այցելութիւնը Հռոմի Ճեմելլի բազմաբուժարանին։ Թեթեւ անհանգստութեան պատճառաւ չկարենալով այցելել բազմաբուժարանը, Նորին Սրբութիւնը, լսատեսողական պատգամով մը ներողութեան ու համակրանքի զգացումները յայտնեց հիւանդներուն ու բազմաբուժարանի անձնակազմին։
Իտալական հեռուստատեսիլի բազմաթիւ կայանները, 13 Յուլիս 2014ին, պատկերասփռեցին Սրբազան Հօր պատգամը, որով կը խօսի ունեցած յանկարծակի զօրաւոր գլխու ցաւի ու սիրտխառնուքի մասին, եւ որուն պատճառաւ պարտադրուեցաւ ջնջել ժամադրութիւնը։ Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը մասնաւորապէս կ'անդրադառնայ հիւանդներուն ունեցած յուսախաբութեան մասին։
Հռոմի Ճեմելլի կաթողիկէ համալսարանը ու բազմաբուժարանի անձնակազմը իրենց կարգին շնորհակալութիւն յայտնած են Սրբազան Քահանայապետին ուղարկած սիրալիր պատագմին, մինչ բազմաբուժարանը կը տօնախմբէ իր հիմնարկութեան 50-րդ տարեդարձը, ու աղա յոյս յայտնած են շուտով հիւրընկալել Սրբազան Հօր օրհնաբեր այցելութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.