2014-07-14 10:44:28

Տահեշ կը փորձէ տիրել հիւսիսային Սուրիոյ քրտական շրջաններուն։


ՏԱՀԵՇ խմբաւորումը կը փորձէ տիրել քրտական Այն Արապ կամ Քոպանի շրջանին, ուր անոր եւ Քրտական ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերուն միջեւ բուռն բախումներ տեղի կ՛ունենան: Այս մասին կը հաղորդէ «Մայատին»-ը:
ՏԱՀԵՇ բախումներուն ընթացքին սկսած է իրաքեան բանակի պահեստանոցներէն իր գրաւած զէնքերն ու հրասայլերը օգտագործել, եւ քիւրտերը այն մտավախութիւնն ունին, որ իսլամական արմատական շարժումը կրնայ գրաւել իրենց շրջանները:
Հակառակ բուռն դիմադրութեան ՏԱՀԵՇ յառաջխաղացք կ՛արձանագրէ: Քիւրտերը սկսած են բնակչութիւնը հեռացնել Այն Արապի հարաւային գիւղերը` նախքան ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ շրջանին գրաւուիլը:
ՏԱՀԵՇ նպատակ ունի Սուրիոյ մէջ Եփրատի երկու ափերուն` Թուրքիոյ սահմանէն մինչեւ Իրաք տիրելու, որովհետեւ այդ շրջանին մէջ ուժանիւթի կեդրոններ եւ արգասաբեր դաշտեր գոյութիւն ունին եւ խմբաւորումը կ՛ուզէ զայն Եփրատի իրաքեան հունի տարածքին կցել:
Արեւմտեան Քիւրտիստանի խորհրդարանի նախագահ Իլհամ Ահմետ կը յայտնէ, որ ՏԱՀԵՇ կ՛ուզէ այդ շրջանը Իսլամական պետութեան կցել, որմէ ետք ալ յառաջանալ դէպի Ճեզիրէ, որ գլխաւոր նպատակն է:
ՔԱԿ-ի մարտական ղեկավար Մուրատ Քարայըլան ընդհանուր զօրակոչ յայտարարած է եւ քիւրտերէն պահանջած Այն Արապ ուղղուիլ` զայն պաշտպանելու համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.