2014-07-14 12:08:35

Մարտինի եկեղեցիներն ու պատմական վայրերը կը մաքրուին։


Մարտինի Արթուքլու շրջանի քաղաքապետարանը սկսած է մաքրել քաղաքի եկեղեցիները, մզկիթներն ու պատմական վայրերը: Կը մաքրուին նաեւ դէպի այդ վայրերը տանող ճանապարհները: Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am-ը՝ վկայակոչելով Hyetert-ը:
Քաղաքին մէջ գտնուող 31 մզկիթներու, 11 եկեղեցիներու եւ այլ վայրերու ճանապարհները կը լուացուին: Քաղաքի վարչութեան համանախագահներ Սեւինչ Պոզանն ու Էմին Իրմաքը նշած են, որ այդ ձեւով իրենք կը փափաքին ցոյց տալ քաղաքի մաքուր դէմքը:
Համանախագահները նշած են, որ մաքրման աշխատանքներ պիտի իրականացուին յատկապէս այն վայրերուն մէջ, ուր յաճախ զբօսաշրջիկներ կ’ըլլան:
“Յատկապէս այս ամիսներուն մեր հին քաղաքի պատմական վայրեր, եկեղեցիներ ու մզկիթներ այցելողներուն թիւը կ’աճի: Տեղացի եւ օտար զբօսաշրջիկներու մեծ հոսք կը նկատուի: Այդ պատճառով մեր աշխատանքները սկսած ենք մաքրութենէն”,- ըսած են անոնք:








All the contents on this site are copyrighted ©.