2014-07-14 13:58:34

Կարտինալ Փարոլինը մեկնած է Մեքսիքոյ բանակցելու գաղթականութեան հարցին շուրջ։


14 եւ 15 Յուլիսին, Վատիկանի Պետական քարտուղար` Կարտինալ Փիէթրօ Փարոլինը կը գտնուի Մեքսիքոյ, ուր նախատեսուած են` գաղթականութեան հարցին շուրջ բանակցական շարք մը հանդիպումներ Մեքսիքոյի պատկան իշխանութիւններուն հետ որոնց կէտնպատակն է գաղթականութեան հայող միատեղ ծրագիր մը համադրել` Սուրբ Աթոռի եւ Մեքսիքոյի միջեւ։
Մեքսիքոյ ժամանելուն, կիրակի, 13 յուլիսի յետմիջօրէին, Կարտինալ Փարոլինը դիմաւորեց Մեքսիքոյի արտգործ նախարար` Խոսէ Անթոնիօ Մէատէ ու երեկոյեան տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն` ի պատիւ Կարտինալ Փարոլինին, որուն մասնակցեցան նաեւ Հոնտուրասի, Կուաթեմալայի եւ Էլ Սալվատորի արտագին գործոց նախարարները։
14 յուլիսին, Վատիկանի Պետքարտուղարը հանդիպում կ՛ունենայ Մեքսիքոյի նախագահ` Էնրիք Փենիա Նիէթոյի հետ ու ապա կը մասնակցի գաղթականութեան եւ մարդու իրաւունքի մասին կազմակերպուած մէկ ժողովին։
Կարտինալ Փարոլինի այս այցելութիւնը յոյժ կարեւոր է, ի տես համամարդկային տագնապին, որ հազարաւոր երախաներ կը մղէ առանձին գաղթել դէպի Միացեալ Նահանգներ։Այս հարցը կը հայի կեդրոնական Ամերիկայի բոլոր երկիրներուն ու Կաթողիկէ Եկեղեցին առաջին կարգի վրայ կը գտնուի, տրուած ըլլալով որ Մեքսիքոյի գաղթականներու հիւրընկալութեան բոլոր կեդրոնները մատակարարուած են կաթողիկէ հաստատութիւններու կողմէ։
Այս առթիւ յայտնենք որ Սուրբ Աթոռի եւ Մեքսիքոյի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները սկիզբ առած են 1992 թուականին։








All the contents on this site are copyrighted ©.