2014-07-14 10:43:22

«Լիբանանը հանրապետութեան նախագահէ մը զրկելու քայլը դարձած է անընդունելի» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ անկարելի է ընդունիլ, որ Լիբանանի կացութիւնը այս ձեւով շարունակուի եւ անոր զլացուի հանրապետութեան նոր նախագահ մը ունենալու իրաւունքը:
«Սահմանադրութիւնը կամ լիբանանեան Ազգային ուխտը խախտելու որեւէ պատճառաբանութիւն խիստ մերժելի է», ըսաւ Ռայի պատրիարքը` հարց տալով, որ խորհրդարանը մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակէ թերանալ օրէնսդրական իր պարտականութեան մէջ:
Միւս կողմէ, ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս շաբաթավերջին այցելեց Տիման, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ռայի պատրիարքին հետ:
Հանդիպումէն ետք Տըրպաս շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ պատահածը մտահոգիչ է` աւելցնելով, որ հիւսիսային Լիբանանի մայրաքաղաքին մէջ պատահածը շինծու է եւ այս կամ այն քաղաքական կողմին դրդումներով է, որ կը պատահի:
Տըրպաս հաստատեց սակայն, որ կառավարութիւնը Թրիփոլիի եւ ամբողջ Լիբանանի տարածքին իր հակակշիռը պիտի պահէ:
Տըրպաս յայտնեց նաեւ, որ Ռայի պատրիարքին հետ քննարկած է Լիբանան հասնող սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը:
Ռայի պատրիարքին այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին նախարար Ժան Օպէյտ:








All the contents on this site are copyrighted ©.