2014-07-14 12:08:10

13 Յուլիսին սկիզբ առաւ «Ոսկէ Ծիրան-2014» Փարաջանովեան Փառատօնը


Յուլիս 13ին Երեւանի մէջ սկիզբ առաւ «Ոսկէ Ծիրան» տարեկան միջազգային շարժապատկերի փառատօնը: Այս առիթով 11 Յուլիսին փառատօնի տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեանը եւ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի տեղակալ Արամ Սուքիասեան տուին մամլոյ միացեալ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ներկայացուցին փառատօնին ծրագիրը, քաղաքապետարանին աջակցութեան մանրամասնութիւնները եւ նոր՝ «Ծիրանի ծառ» նախաձեռնութիւնը, որ Սերգէյ Փարաջանովին նուիրուած ծրագիրի պարունակին մաս կը կազմէ, եւ որ, Խաչատրեանի խօսքով, «յաւակնում է դառնալ առանձին փառատօն»:
Արամ Սուքիասեան՝ խօսելով փառատօնին մասին, նշեց, որ փառատօնի ծիրին մէջ Երեւան ժամանած հիւրերը Հայաստանէն մասնիկ մը կը տանին իրենց երկիրները եւ կը տարածեն հայկական մշակոյթն ու շարժապատկերի իրենց միջավայրերուն մէջ։
«Փարաջանովին նուիրուած բոլոր միջոցառումները կ՛անցկացուեն հէնց «Ժողովրդական արուեստի հանգոյց» կրթամշակութային հիմնադրամում: Մեր 13-14 հիւրերն ապրելու են հէնց այստեղ, զրուցելու են, ֆիլմեր են դիտելու: Այսինքն՝ մենք ունենում ենք մի առանձին գործող մշակութային կենտրոն, օջախ, որը երազանք է բոլորիս համար: Մեր նախաձեռնութեամբ մօտ ժամանակներս ստեղծուելիք էթնոգրաֆիկ ֆիլմերի փառատօնը կ՛անցկացուի հէնց այստեղ», նշեց «Ոսկէ ծիրան» երեւանեան միջազգային շարժապատկերի փառատօնի հիմնադիր-տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեան:
«Ժողովրդական արուեստի հանգոյց» կրթամշակութային հիմնադրամի հիմնադիր-ղեկավար Լեւոն Տէր Պետրոսեանը յայտնեց, որ հիմնադրամ-կեդրոնը քանի մը տարուան աշխատանքի արդիւնք է: Ան Հայաստան եկած է Միացեալ Նահանգներէն: «Շատ բախտաւոր կը զգամ հոս ըլլալուս համար: Շատ կը սիրեմ ժողովրդական արուեստը: Կ՛ուզեմ, որ ժողովրդական արուեստը ապրի նաեւ մեր օրերուն», ըսաւ ան՝ կոչ ուղղելով գալու եւ մասնակցելու փարաջանովեան քննարկումներուն եւ շարժապատկերի ցուցադրութիւններուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.