2014-07-12 09:27:11

Ռուսիոյ եւ Հայաստանի վարչապետները ընդգծած են երկկողմանի յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը


ՍՈՉԻ, «Արմէնփրէս».– Ռուսիա կատարած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Սոչիի մէջ հանդիպում ունեցաւ իր ռուս պաշտօնակիցին՝ Տմիթրի Մետվետեւին հետ:
Ողջունելով Յովիկ Աբրահամեանը՝ Տմիթրի Մետվետեւ նշեց, որ այս այցելութիւնը կարելիութիւն կու տայ քննարկելու ռուս-հայկական յարաբերութիւններու լայն շրջագիծ՝ սկսած ներդրումային գործընթացներէն, մինչեւ առեւտրատնտեսական եւ մարդասիրական բնագաւառներու մէջ համագործակցութիւն: «Մեր երկիրները շատ մօտ դաշնակիցներ են, մեր երկիրները մօտ են, նաեւ ժողովուրդները շատ մօտ են: Ասիկա մեզի կարելիութիւն կու տայ տեղեկատուութիւն փոխանակել մեր համագործակցութեան բոլոր հարցերուն շուրջ», յայտնեց Ռուսիոյ վարչապետը։
Իր կարգին, Յովիկ Աբրահամեան շնորհակալութիւն յայտնեց Մետվետեւին հրաւէրին եւ տարբեր հարցերու շուրջ միտքեր փոխանակելու կարելիութեան համար: «Կարծում եմ՝ կը կարողանանք մեր առանձնազրոյցում արդիւնաւէտ քննարկել մեզ հետաքրքրող հարցերը», ըսաւ Յովիկ Աբրահամեան: Երկու վարչապետները քննարկած են նաեւ համարկման գործընթացները:
Անոնց ներկայութեան Հայաստանի եւ Ռուսիոյ Գաղթականութեան ծառայութիւններու ղեկավարները ստորագրած են Ռուսիոյ եւ Հայաստանի կառավարութիւններուն միջեւ համաձայնագիր՝ «Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքում Ռուսաստանի Դաշնութեան քաղաքացիների եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան տարածքում Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիների գտ-նուելու կարգի մասին»:
Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորած կառավարական պատուիրակութեան մաս կը կազմեն փոխվարչապետ, Տարածքային կառավարման նախարար Արմէն Գէորգեանը, Հայաստանի ելեւմուտքի նախարար Գագիկ Խաչատրեանը, Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Երուանդ Զախարեանը, առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրադեանը, կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարարի առաջին տեղակալ Գուրգէն Դումանեանը, տնտեսութեան նախարարի առաջին տեղակալ Գարեգին Մելքոնեանը, արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեանը, տարածքային կառավարման նախարարութեան գաղթականութեան պետական ծառայութեան պետ Գագիկ Եգանեանը եւ պաշտօնատար այլ անձեր:







All the contents on this site are copyrighted ©.