2014-07-12 08:56:49

Ռիչըրտ Միլզ՝ Հայաստանի մօտ Ամերիկայի դեսպանի պաշտօնի թեկնածու


ՈՒԱՇԻՆԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Հինգշաբթի, Յուլիս 10ին, Հայաստանի մօտ Ամերիկայի դեսպանի պաշտօնին համար թեկնածու նշանակած է Ռիչըրտ Միլզը։
Եթէ նշանակումը վաւերացուի Ծերակոյտին կողմէ, ապա Միլզ պիտի փոխարինէ ներկայի դեսպան Ճան Հեֆըրնը։ Ռիչըրտ Միլզ ներկայիս Լիբանանի մօտ Ամերիկայի դեսպանատան առաքելութեան պետի տեղակալն է։ Ան այդ պաշտօնին նշանակուած էր 2012ին։
Միլզի դիւանագիտական ասպարէզը սկսած է 1988ին։ Ան պաշտօններ ստանձնած է Ֆրանսայի, Մալթայի, Ուաշինկթընի, Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Ռուսիոյ, Իրլանտայի, ՄԱԿի, Փաքիստանի, Սէուտական Արաբիոյ, Իրաքի եւ Բրիտանիոյ մէջ։ Ան մասնագիտութեամբ իրաւաբան է։







All the contents on this site are copyrighted ©.