2014-07-12 10:04:43

Կիրակի օրուայ Աւետարանի ընթերցում (Մատթ. 13, 24-30)


RealAudioMP3 24 Ուրիշ առակ մըն ալ առաջարկեց անոնց ու ըսաւ. “Երկինքի թագաւորութիւնը նմանեցաւ մարդու մը, որ իր արտին մէջ լաւ սերմ ցանեց:
25 Մինչ մարդիկ կը քնանային` իր թշնամին եկաւ, որոմ ցանեց ցորենին մէջ եւ գնաց:
26 Երբ խոտը ծաղկեցաւ ու պտուղ բերաւ, այն ատեն որոմն ալ երեւցաւ:
27 Ուստի հողատիրոջ ծառաները մօտեցան եւ ըսին անոր. “Տէ՛ր, դուն լաւ սերմ չցանեցի՞ր արտիդ մէջ. ուրեմն որոմը ուրկէ՞ է”:
28 Ան ալ ըսաւ անոնց. “Թշնամի մը ըրած է ասիկա”: Ծառաները ըսին իրեն. “Ուստի կ'ուզե՞ս որ երթանք ու քաղենք զանոնք”:
29 Իսկ ան ըսաւ. “Ո՛չ, որպէսզի երբ որոմը քաղէք` ցորենն ալ չփրցնէք անոր հետ:
30 Թո՛յլ տուէք որ երկուքն ալ միասին աճին` մինչեւ հունձքի ատենը”: Եւ հունձքի ատենը պիտի ըսեմ հնձողներուն. “Նախ որո՛մը քաղեցէք ու խուրձ-խուրձ կապեցէ՛ք` այրելու համար, իսկ ցորենը ժողվեցէ՛ք իմ ամբարս”“:







All the contents on this site are copyrighted ©.