2014-07-12 09:23:51

Իսլամական զինեալները Պաղտատէն ոչ հեռու ռազմակայան մը գրաւած են


«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւն խմբաւորումը Իրաքի մէջ ռազմակայան մը վերցուցած է վերահսկողութեան տակ:
Ռազմակայանը կը գտնուի մայրաքաղաք Պաղտատէն 80 քիլոմեթր հիւսիս-արեւելք:
Կը նշուի, որ զինեալները ներխուժած են Մուքտատայիա քաղաքի սահմանին գտնուող ռազմակայան:
Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Հոշիար Զիպարի յայտարարեց, որ Քրտական պլոքը կառավարութեան մէջ իր մասնակցութիւնը կ՛առկախէ` իբրեւ պատասխան վարչապետ Նուրի Մալիքիի արձակած ամբաստանութեանց:
Վերջինս յայտարարած էր, որ Քրտական ինքնավար մարզի մայրաքաղաք Էրպիլը ՏԱՀԵՇ խմբաւորման ռազմակայանը դարձած է:







All the contents on this site are copyrighted ©.