2014-07-12 10:39:15

Զբօսաշրջիկութեան համաշխարհային օրուան առթիւ, կարտինալ Վելիոյի պատգամը


Անհատներն ու հասարակութիւնները յարգող զբօսաշրջիկութեան կարիքը ։

Յառաջիկայ 27 սեպտեմբերին, պիտի վերակոչուի զբօսաշրջիկութեան համաշխարհային օրը, այս առթիւ գաղթականներու ու տեղաշրջողներու քահանայապետական խորհուրդի նախագահը ամէն տարի պատգամ մը կ'ուղղէ ''զբօսաշրջիկութիւնը ու հասարակութիւններու բարգաւաճումը'' նիւթին մասին։ Զբօսաշրջիկութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը` այդ օրուան նախաձեռնողը, կը հաստատէ որ զբօսարջիկութիւնը պէտք է ըլլայ բարեբեր գործունէութիւն մը տեղական հասարակութիւններուն ի նպաստ։
Քահանայապետական խորհուրդի գնահատումով ''հասարակական բարգաւաճումը'' սերտօրէն առընչուած է Եկեղեցւոյ ընկերային ուսուցումին հետ։ Եկեղեցւոյ համար ամէն բարգաւաճում պէտք է մտի հաւասարակշիռ, մնայուն ու յարգալիր յառաջացումի իրականացումին. տնտեսական, ընկերային ու բնապահպանումի մարզերէն ներս։ Այսօր, դիտել կու տայ քահանայապետական խորհուրդը, երկրագունդի ամէն մէկ վայրը կարող է դառնալ զբօսաշրջիկութեան վայր մը եւ այսպէսով կը կարողանայ կասեցնել աղքատութիւնը ամենայետին գտնուող վայրերըը։ Զբօսաշրջիկութիւնը կարող է աշխատանք հայթայթել ինչազուրկերու եւ յատկապէս կիներու, երիտասարդներու եւ որոշ ցեղային փոքրամասնութիւններուն։ Էական է, որ զբօսաշրջիկութեան տնտեսական շահը հասնի տեղական ընկերութեան բոլոր խաւերուն, ուստի ընտանիքներուն։ Բնականաբար զբօսաշրջիկութեան շահերը պէտք չեն ըլլալ լոկ տնտեսական այլ նաեւ պէտք են ըլլալ առիթ՝ մշակութային զարգացումի, մարդկային շփումներու։ Արդարեւ զբօսաշրջիկութեան վայրը պէտք չէ ըլլայ լոկ բնութեան գեղեցկութիւնը, հանգստաուետութիւնը, այլ ամէնէն առաջ պէտք է ըլլայ առիթ շփուելու տեղական հասարակութեան հետ, մօտէն ճանչնալու անոր աւանդական ու մշակութային ժառանգութիւնը, ապրելակերպը։
Զբօսավայրերու տեղացի քրիստոնեաները գործօն դեր մը ունին կատարելիք այցելուներու ցոյց տալով անոնց գեղարուեստը, աւանդութիւնները, պատմութիւնը, հոգեւոր ու բարոյական արժէքները եւ մասնաւորապէս` անոնց հաւատքը։
Եկեղեցին միշտ ճանչցած է արժէքը զբօսաշրջիկութեան, պարզ եւ ազդու ծրագիրներ պատրաստելով։ Բազմաթիւ են քրիստոնէական ընկերակցութիւնները, որոնք կը կազմակերպեն ճամբորդութիւններ։ Բազմաթիւ են ժողովրդապետութիւններ որոնք այցելուներուն կը ձեռնարկեն իւրայայտուկ ծիսակատարութիւններ ու կրօնական բնոյթ ունեցող յայտագրեր առիթ ընծայելով ''ազնուութեան հովուութիւն'' կոչուած հոգեւոր ու մարդկային աճումը։
Գաղթականներու ու տեղաշրջողներու քահանայապետական խորհուրդի նախագահ Վելիօ իր պատգամը կ'եզրափակէ ըսելով. Եկեղեցին` գիտակից աւետարանութեան գլխաւոր առաքելութեան, իր դրական համագործակցութիւնը կը բերէ ժողովուրդներուն եւ մասնաւորապէս կարօտեալներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.