2014-07-12 10:04:48

Ե. Կիրակի զկնի Պենտեկոստէ Մտթ. 13, 25-30


RealAudioMP3 Այսօրուայ Աւետարանին մէջ Յիսուս Երկինքի Արքայութիւնը կը նմանցնէ արտի մը, որուն մէջ տէրը միայն բարի սերմ ցանած է, բայց թշնամին գաղտնի, գիշերանց, ուր ամէն մարդ քունի մէջ թաղուած է, նոյն արտին մէջ որոմ կը ցանէ ու այդպէս ցորենը եւ որոմը միասին կը ծլին եւ կ՛աճին: Ահաւասիկ կարգ մը հաստատումներ.
Երբ «Երկինքի Արքայութիւն» կ՛ըսենք, երկինք բառը պէտք չէ մեզ շփոթեցնէ: Արքայութիւնը միայն երկինքի մէջ պիտի չըլլայ: Արքայութիւնը թէ՛ երկինքի մէջ եւ թէ՛ երկրի վրայ պիտի ըլլայ: Աստուածաշունչը կը խօսի թէ՛ երկիրը ժառանգելու մասին եւ թէ՛ երկինքը ժառանգելու մասին: (Մտթ. 5,3-5): Քանի որ Աստուած ամէն տեղ է, իր թագաւորութիւնն ալ ամէն տեղ պիտի ըլլայ, թէ՛ երկինքի մէջ եւ թէ՛ երկրի վրայ:
Թշնամին որուն մասին կը խօսի Քրիստոս, սատանան է, որ գիշերանց կու գայ եւ գործի կը լծուի: Որովհետեւ ան որ չարը կը կատարէ` կատէ լոյսը եւ լոյսին չի գար, որպէսզի իր գործերը չյայտնուին: Որովհետեւ լոյսը ամէն բանի ինքնութիւնը կը յայտնէ: Լոյսը ճշմարտութիւնը կը բացայայտէ: Չարագործները օր ցերեկով իրենց չարութիւնները չեն ըներ: Նենգութիւնը, դաւը, խարդախութիւնը, զրպարտութիւնը եւ գողութիւնը, այս բոլորը առհասարակ մարդոց կողմէ ծածուկ կերպով կը կատարուին: Սատանան ալ աշխարհի մէջ կը գործէ առանց ինքզինք տեսանելի դարձնելու»:
Ինչո՞ւ Յիսուս այս առակին մէջ որոմի մասին կը խօսի, զոր սատանան ցանեց ցորենին հետ, եւ ոչ թէ տարբեր տեսակի փուշի մը կամ վնասակար խոտի մը մասին: Պատասխանը հետեւեալն է. ցոնենի հասկերը եւ որոմի հասկերը շատ կը նմանին իրարու, այնքան կը նմանին, որ դժուար կ՛ըլլայ զանոնք իրարմէ զանազանել: Իրարմէ կը զանազանուին միայն այն ատեն` երբ ցորենի հասկը սկսի ցորենով լեցուիլ: Ուստի Յիսուս կը խօսի որոմ ցանուելու մասին, ցոյց տալու թէ սատանան երբեմն կը սորվեցնէ իր հետեւորդներուն ցորեն ձեւանալ, այլ խօսքով բարի երեւնալ, քրիստոնեայ ձեւանալ, լոյսի որդի ձեւանալ: Հետեւաբար, շատ անգամ երբեմն բարին ու չարը իրարու հետ կը շփոթենք: Երբեմն չարը կը գործէ բարիին երեւոյթով: Յաճախ ամէնէն չար գործերը բարի երեւոյթներու տակ կը ծածկուին եւ ատոր համար է որ մենք շուտ կը խափուինք: Ժամանակը սակայն ամէն բան կը յայտնէ, ժամանակը որ կ՛անցնի, ինքնաբերաբար չարին գործունէութեան որոշ երեսները կը բացայայտուին եւ մենք հնարաւորութիւնը կ՛ունենանք ճանչնալու եւ զանազանելու չարը բարիէն:
«Ձգեցէք որ երկուքն ալ միասին աճին» կ՛ըսէ Քրիստոս: Յիսուս թոյլ կու տայ որ թէ չարը թէ բարին միասին աճին, որպէսզի բարին, հաւատացեալը աւելի զօրանայ իր հաւատքին մէջ, իսկ անհաւատը, կամ չարը դարձի գալու առիթ ունենայ: «Ձգեցէք» բարին մէջ կը տեսնենք Աստուծոյ կողմէ մարդոց հանդէպ ցուցաբերուած համբերութիւնը ու քաղցրութիւնը, որպէզի չար մարդիկը ապաշխարեն, մինչեւ հունձքի ժամանակ, այլ խօսքով մինչեւ դատաստանի օրը: Քրիստոս չ՛ուզեր որ ժամանակէն առաջ դատաստան ընենք: Պօղոս առաքեալ կ՛ըսէ. « Ոեւէ մէկը մի դատէք ժամանակէն առաջ» (Ա. Կորն. 4,5): Յիրաւի իսկ քանի քանի մեծ մեղաւորներ դարձի եկած են եւ յետոյ մէյմէկ սուրբեր հանդիսացած են. Օրինակ Մագդաղենացին, սուրբ Պօղոս մը, Սուրբ Օգոստինոս մը, եւլն: Աստուած համբերող է, երկայնամիտ եւ բազումողորմ: Եթէ մենք մինչեւ 10 կը համբերենք Աստուած մինչեւ 1000, 10.000, կամ մինչեւ միլիոն կը յաշուէ, եւ մեղաւորները անմիջապէս չի պատուհասեր: Սակայն պիտի գայ օրը երբ Տէրը պիտի մագրէ արտը, եւ իր արդարութիւնը պիտի բանեցնէ բարիներուն եւ մշտնջենաւորապէս պիտի վարձատրէ` Աստուծոյ ներկայութիւնը վայելեցնելով, իսկ չարերուն` անոնց արժանավայել եւ արդար պատուհասը, այսինքն դժոխքը:







All the contents on this site are copyrighted ©.