2014-07-11 10:24:28

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ոչ պաշտօնական այցելութիւն պիտի կատարէ Քազերթա քաղաքին։


Վատիկանի մամլոյ գրասենեակին տնօրէն` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին, յայտնեց որ անցեալ ամիս ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հանդիպում ունեցաւ խումբ մը աւետարանական վերապատուելիներու հետ։ Կղերականներու այս խումբին մաս կը կազմէր նաեւ իրեն բարեկամ հովիւ մը, ճանչցած Պուենոս Այրեսին մէջ։ Արբազան Հայրը անոր յայտնեց բաղձանքը այցելելու անոր եկեղեցին։ Առ այդ` յառաջիկայ 26 յուլիսին նախատեսուած է Սրբազան Քահանայապետին այցելութիւնը Աւետարանական հովիւին, որ կը պաշտօնավարէ Իալիոյ Քազերթա քաղաքին մէջ։ Այցելութիւնը պիտի ունենայ ոչ-պաշտօնական բնոյթ որուն յայտագիրը պարզ ու առանձնական հանգամանք պիտի ունենայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.