2014-07-11 10:36:01

Վատիկանի դրամատան նոր տնօրէնը կը ներկայացնէ հաստատութեան նկատմամբ իր տեսութիւնը


''ֆրանչիսկոս Քահանայապետը չի սիրեր դրամը, սակայն անոր պէտք ունի աղքատներու օգնութեան հասնելու''։

ֆրանսացի Ժան Պափթիսթ Տէ Ֆրանսու` Վատիկանի դրամատան (IOR-ի) նոր տնօրէնը, Europe 1 ռատիոյին հետ ունեցած ելոյթով ըսաւ. ֆրանչիսկոս Քահանայապետը չի սիրեր դրամը, սակայն պէտք ունի անոր աղքատներու օգնութեան հասնելու համար։
Նոր տնօրէնը Ռատիովատիկանին ըսաւ. ֆինանսական այս հաստատութիւնը կը ներփակէ արժէքներ ու հաւատք։ Ինչպէս ամէն դրամատուն այս հաստատութիւնը ունի որպէս նպատակ` դրամ շահիլ Ս. Աթոռին ծառայութեան համար։ IOR-ը կը գործէ ի սպաս Եկեղեցւոյ հաստատութիւններուն։ Ժան Պափթիսթ Տէ Ֆրանսու` ողջունեց ֆրանչիսկոս Քահանայապետին կամքը արհեստավարժ դարձնել IOR-ի դրամական հաստատութիւնը որ տարիներէ ասդին կը ղեկավարուէր այս պաշտօնի ոչ պատրաստուած եկեղեցականերով։








All the contents on this site are copyrighted ©.