2014-07-11 12:19:25

Հռոմի Քորէական քահանայապետական դպրեվանքը գոհաբանական աղօթք մը յօրինած է ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Քորէայ կատարելիք այցելութեան առթիւ։


ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Քորէա կատարելիք հովուական այցելութեան եւ այցելութեան ընթացքին Քորէացի նահատակներու երանացման արարողութեան առթիւ, Հռոմի Քորէական քահանայապետական դպրեվանքը գոհաբանական աղօթք մը յօրինած է որուն մէջ կը կարդանք։

''Ով Հայր ամենակալ, դուն որ համայն սէր ես, մեր եկեղեցին կը պատուուի նոր նահատակներու երանացումով, որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պիտի հռչակէ իր առաքելական այցելութեան առթիւ։
Շնորհակալ ենք որ մեզի բարեպատեհ առիթը ստեղծեցիր, Ասիայի աւետարանութեան երիտասարդութեան ասիկան օրուան միջոցաւ, որուն կանչուած են Ասիայի ցամաքամասի տարբեր երկիրներու երիտասարդները։
Օգնէ մեզի հաղորդելու հաւատքի լոյսը բարի կամք ունեցող բոլոր մարդոց եւ տարածելու սիրոյ, խաղաղութեան ու կեանքի մշակոյթը։
Ըրէ որ մեր ժողովուրդը հաշտուի Աւետարանի լոյսով եւ իրականացնէ խաղաղութիւնն ու միութիւնը բոլոր Կղզեխումբին մէջ, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքով։ Ամէն''։








All the contents on this site are copyrighted ©.