2014-07-11 09:55:06

Իսրայէլ կը շարունակէ Կազայի դէմ իր յարձակումները


Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Քնեսեթի մէջ արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին հետ հանդիպումի մը ընթացքին զգուշացուց, որ Իսրայէլ կը ծրագրէ Կազայի մէջ գործողութիւնները «ընդլայնել եւ շարունակել»` աւելցնելով. «Մենք չենք կրնար ընել այն, ինչ որ ռուսերը Չեչենիոյ մէջ ըրին»:
Նեթանիահու ըսաւ. «Ներկայիս ոչ ոքի հետ զինադադարի մասին կը խօսիմ: Ատիկա նոյնիսկ օրակարգի վրայ չէ»:
Իսրայէլ երէկ չորրորդ օրն ըլլալով շարունակեց Կազայի դէմ իր յարձակումները: Իսրայէլեան «Ուալլահ» կայքը հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը Կազայի դէմ գործողութեան սկսելէ ի վեր 800 թիրախներ հարուածած է: Մինչ այդ զոհերուն թիւը բարձրացաւ 84-ի, իսկ վիրաւորներունը` աւելի քան 550-ի:
Պաղեստինցիք իրենց կարգին հակադարձեցին` հրթիռակոծելով շարք մը իսրայէլեան բնակեցման վայրեր: «Սարայա Քուտս» յայտարարեց, որ հինգերորդ անգամ ըլլալով հրթիռակոծած է Թել Աւիւը: Իսրայէլեան բանակի բանբեր մը հաստատեց, որ Իսրայէլի դէմ արձակուած են 234 հրթիռներ: Նշենք, որ երէկ պաղեստինցիներուն Երուսաղէմի վրայ արձակած 5 հրթիռներէն երկուքը ինկան Քնեսեթին մօտ:
Իսրայէլեան աղբիւրներ նշեցին, որ իսրայէլեան բանակին կողմէ ցամաքային գործողութիւն մը «շուտով» կրնայ սկսիլ:
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնեց. «Պէտք է աճապարել զինադադար հաստատելու, պաղեստինցի ժողովուրդը պաշտպանելու եւ Կազայի դէմ հետզհետէ մագլցում արձանագրող յարձակումը կասեցնելու»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտնեց, որ Իսրայէլ ինքնապաշտպանութեան իրաւունք ունի:







All the contents on this site are copyrighted ©.