2014-07-11 10:13:48

Ի՞նչ է հեշտամահը


Յեշտամահ (Eutanasia) եզրը, յունարէն բառ մըն է, ստուգաբանօրէն կը նշանակէ «Բարի մահ» («Eu» բարի, «ThՈnatos» մահ)
Սկզբնական շրջանին այս եզրով կը մատնանշուէր Բարի Մահը, որ կը վերաբերէր իմաստուն մարդուն, յատկապէս ստոյիկեան իմաստասիրութեան շրջանակին մէջ:
Աւելի ուշ, անգլիացի իմաստասէր՝ Ֆրանսիս Պէքըն (1561-1626) զայն կը ներմուծէ արդի լեզուին մէջ, նշելու համար բժիշկին միջամտութիւնը, որ մեղմացնելով հիւանդին տառապանքն ու ցաւը աւելի հեշտ կը դարձնէ մահը: Ան գրած է. «Ես կ՛ընդունիմ որ բժիշկին պարտականութիւնն է ո՛չ միայն վերահաստատել առողջութիւնը, այլ նաեւ՝ մեղմացնել տառապանքն ու ցաւերը, ոչ միայն այն պարագային երբ մխիթարութիւնը կ՛առաջնորդէ բուժումի, այլ նաեւ, երբ կրնայ ծառայել երջանիկ եւ խաղաղ մահուան:
Ընդհակառակը, բժիշկները տեսակէտով մը կը խղճահարին ի տես իրենց ստացած կրօնական պատրաստութեան, չմիջամտելու հիւանդին երբ յայտարարած են անոր անբուժելի ըլլալը. մինչդեռ, իմ կարծիքովս որեւէ կարելիութիւն եւ օժանդակութիւն պէտք չէ խնայեն` դիւրացնելու եւ նուազ ծանրաբեռնելու տառապանքն ու հոգեվարքը»:
Դարեր առաջ, Թովմաս Մոր (1478-1535) նկարագրած էր Հեշտամահի կիրարկումը՝ իր մէկ աշխատասիրութեան մը մէջ, որ անհանգստութիւն կը պատճառէ ընթերցողին, նկատի առնելով կարգ մը սովորութիւններ, որոնք հեռաւոր եւ գեղատեսիլ կղզիի մը մէջ կը գործադրուէին։
«Հո՛ն, հիւանդները կը խնամէին մեծ սիրով եւ ոչինչ կը խնայէին անոնց որպէսզի վերագտնէին իրենց առողջութիւնը. կը մատակարարէին անոնց դեղեր եւ սնունդ, ընձեռելով անբուժելիներուն՝ մխիթարութիւն իրենց ներկայութեամբ, ցոյց տալով ամէն աեսակ օժանդակութիւն:
Իսկ, եթ֊է հիւանդութիւնը անդարմանելի ըլլար ու շարունակ կերպով սաստիկ ցաւեր պատճառէր հիւանդին, այն ատեն քահանան ու Եկեղեցական հեղինակութեան բարոյագէտներ, անդրադառնալով թէ որեւէ միջոցառում անօգուտ կը հանդիսանար, նախ՝ նեղացուցիչ ուրիշներուն, եւ ապա ծանր հիւանդին համար, որ այլեւս կ՛ապրէր միայն իր մահր սպասելով, կը յորդորէին հիւանդը որ չմտածէ երկարաձգել այդ մահագուշակ հիւանդութիւնը, նկատի ունենալով որ իր կեանքը ուրիշ բան չէր դարձած՛ եթէ ոչ չարչարանք:
Մէկ խօսքով, չվարանի մեռնելէ ու վստահութեամբ ինքզինք ազատէ այդ դառն կեանքէն, ինչպէս բանտէ մը կամ տանջանքէ, ու վերջ տայ անոր իր ազատ կամքով: Կը համոզէին, թէ իմաստուն եւ պատուական արարք մըն էր այդ ձեւով մեռնիլ, որ վերջ պիտի դնէր մարտիրոսութեան մը եւ ոչ թէ կեանքի հաճոյքներուն»:
Ներկայիս, հեշտամահ եզրով կը հասկցուի որեւէ արարք կամ զանցառութիւն, որ կը կատարուի դադրեցնելու համար անբուժելի հիւանդի մը կեանքը, կամ վերջ տալ ծերի մը, վատակազմ ենթակայի մը, կամ պակասաւոր ծնունդի մը, կասեցնելու համար ֆիզիքական եւ հոգեկան տառապանքները:
Ինչ ալ ըլլայ պատճառը, հեշտամահի արարքին մէջ կը գործէ կամքը. կալ կամ առնել կեանքը: Ուստի, ասիկա տեսակ մր սպանութիւն է, կամ՝ անձնասպանութիւն:
Հետեւեալ պատճառները կարելի է նկատել որպէս հեշտամահի դիմելու պարագաներ.
ա- Այլասիրական. հեշտամահը կը գործադրուի կարեկցութեան նպատակով, անոր համար որ անբուժելի եւ ցաւալի հիւանդութեամբ կը տառապի ու մահամերձ վիճակի մէջ կը գտնուի:
բ- Համերաշխութեան համար, առանց ցաւի սպաննել մարդ էակը, նպատակ ունենալով ազատելու ուրիշ էակներ:
գ- Ցեղամահ. հեշտամահը կը գործադրուի, առանց ցաւի սպաննելու` տձեւ ու անդարմանելի անձեր:
դ- Տնտեսական տեսանկիւնէն դիտուած, վերացնել անբուժելի հիւանդները, խեղանդամները, եւայլն:
ե- Ոճրագործական դիտանկիւնէն նկատուած, նպատակ ունենալ սպաննելու այն անձերը, որոնք ընկերային գետնի վրայ վտանգաւոր կը սեպուին:
Հակառակ այս բոլոր պատճառներուն, հեշտամահը կը մնայ միշտ որպէս մարդասպանութիւն մը, նոյնիսկ եթէ կիրարկուի կարեկցութենէ շարժելով, առանց անձը չարչարելու:
Հեղինակ` Եղիշէ Վրդ. Ճիւլեան, Հեշտամահը, Վենետիկ 2013







All the contents on this site are copyrighted ©.