2014-07-10 10:22:37

Պաղեստինի եւ Իսրայէլի միջեւ բախումները կը շարունակուին


Իսրայէլ երէկ եւս շարունակեց Կազայի դէմ իր յարձակումները, որոնք վերջին օրերուն ընթացքին աւելի քան 40 զոհ եւ 340 վիրաւոր պատճառեցին: Իսրայէլ հաստատեց, որ անկարող է Կազայի մէջ հրթիռներու պահեստանոցներուն վայրերը յայտնաբերել:
Պաղեստինցիները շարունակեցին ռմբակոծել իսրայէլեան բնակեցման վայրերը եւ տարբեր քաղաքներ, ինչպէս` Հայֆան, Աշքոլը, Զեխրոն Եաաքուպը, Հոֆ Հապոնիմը, Շահեր Հանիկֆը եւ Ստերոթը: Պաղեստինեան հրթիռները հասան մինչեւ Թել Աւիւի հարաւը գտնուող Քիրիաթ Կաթ բնակեցման վայրը:
Տիրող կացութեան մէջ Թել Աւիւի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը, ըստ իսրայէլեան «Ուալահ» կայքին, քաղաքին մէջ տիրող ապահովական կացութեան պատճառով փակուած է: Նշանակալից այլ զարգացումով մը իսրայէլեան «Պողպատեայ գմբէթ» հակահրթիռային համակարգը վար առաւ երկու հրթիռներ, որոնք կ’ուղղուէին դէպի Տեմոնայի շրջան, ուր կը գտնուի Իսրայէլի հիւլէական կայանը: Քասսամ ջոկատները յայտարարեցին, որ Տեմոնա քաղաքը ռմբակոծած են «Էմ.75» տիպի երեք հրթիռներով







All the contents on this site are copyrighted ©.