2014-07-10 11:36:29

Հալէպը կրկին ծանր կացութեան մէջ Է. կան վիրաւորներ


ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար», «Արմէնփրէս».– Հալէպի Նոր Գիւղ եւ Ազիզիէ թաղամասերը 8 Յուլիսի երեկոյեան դարձեալ թիրախ դարձան հրթիռներու: Կազի տակառներ տեղացին Նոր Գիւղ շրջանին մէջ՝ խախտելով բնակչութեան անդորրը: Արձանագրուեցան նիւթական վնասներ եւ վիրաւորներ՝ Արփի եւ Գոհար Գույումճեաններ, Նուէր Գրտանեան եւ Հռիփ Ղազարեան, որոնց վիճակը մտահոգիչ չէ: Մեծագոյն պայթումները պատահեցան Նոր Գիւղի օդուժի կեդրոնի շրջանին մէջ եւ ազգապատկան «Կիլիկիա» շէնքին դիմաց՝ «Արեւելք» տպարանին կից:
Քեսապի մէջ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովիւ Նարեկ վրդ. Լուիսեան Դիմատետրի իր էջին վրայ արձանագրած է, որ Քեսապի մէջ 205 ընտանիքներ ստացած են Կարմիր Մահիկի սուրիական կազմակերպութեան օգնութեան փաթեթները, որոնց մէջ կան տարբեր տեսակի մթերքներ։
Վարդապետը նաեւ նշած է, որ 6 Յուլիսին Քեսապի Հայ կաթողիկէ Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի ունեցած է սուրիական բանակի, Քեսապի հայ եւ բոլոր նահատակներուն համար:







All the contents on this site are copyrighted ©.