2014-07-10 13:13:51

Արհիապատիւ Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեանի հովուական թուղթը
նուիրուած ընտանիքի


RealAudioMP3 Աղքատութիւնը
Անտարակոյս աղքատութիւնը անախորժ վիճակ մըն է մարդու կեանքին մէջ, եւս առաւել եթէ ընտանիքի նիւթական աղքատութիւնն է հարցը։ Թող ինքնախաբէութիւն չնկատուի եթէ Ս. Աւետարանի մէջ առնենք բազմաթիւ անգամներ նշուած ամոգիչ յայտարարութիւնները աղքատութեան մասին, մանաւանդ երանութիւններուն մէջ “Երանի հոգւով աղքատներուն, որովհետեւ անոնց է երկնքի արքայութիւնը” (Մատթ. 5,3)։ Այո տհաճելի է աղքատութիւնը։Ան յառաջ կը բերէ շատ անհամաձայնութիւններ նոյն ընտանիքի անդամներու միջեւ տարաձայնութիւններ, եւ մանաւանդ զաւակներու ապագայի կեանքին մէջ անապահովու­ թիւն։ Ընկերային շրջանակէն ներս, ստորադաս եւ անկարեւոր դասակարգի կը վերածուի աղքատ ընտանիքը ու անոր բոլոր անհատները։ Աղքատ ընտանիքի զաւակները, ի հեճուկս անոնց զարգացումին, գիտութեան, իմաստութեան եւ գերազանց ազնուութեան, կը մնան անտեսուած, մեկու­ սացուած, արգահատանքի առարկայ։ Աղքատի մէջ բարոյական արժէքները, անիմաստ եւ անարժէք են, տեղ հասցնելու կամ իրեն կեանքը փոխելու համար։ Մէկ խօսքով Աղքատը տեղ չ՛ունի եւ ոչ իսկ լաւագոյն հոգեւորականներու մօտ։
Դաժան է աղքատութիւնը, բայց աւելի դաժան է ընկերութիւնը, որ կը մերժէ ընդունիլ աղքատը։ Սակայն ի հեճուկս այս բոլոր ըսուածներուն, եթէ հոգւով զօրաւոր եւ ճշմարիտ սիրով տոգորուած ամուսիներ եւ զաւակներ են իրարու հետ, նիւթական պակասը չի քանդեր ամուսնութիւնը եւ ո՛չ ընտանիքը, այլ ընդհակառակը կը դառնայ աղբիւր ընտանիքի միասնականութեան եւ համագործակցութեան, որոնք կ՛առաջնորդեն իրենց դէպի կեանքի յաջողութեան։

18- Արհիւապատիւ Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանի Հովուական թուղթը նուիրուած Ընտանիքի - Վիժումը կամ արհեստական վիժում
Երկու արտայայտութիւններն ալ միեւնոյն ողբերգական որդեսպանութեան կ՛առաջնորդեն։ Երկու բառերն ալ անզէն եւ անմեղ մարդ արարածի սպանութեան քստմնելի արարքին դիմաց մեզ կը դնեն։ Երկու արտայայտութիւնները մարդկային իրաւունքի դէմ կը մեղանչեն. Չեմ ըսեր թէ որքա նո՜վ Աստուծոյ դէմ է այս ոճիրը։ Չեմ պատմեր թէ գլխաւոր զոհը մայրն է, եւ չեմ ըսեր որքանո՜վ պիտի չարչարուի վիժողը, կեանքի ընթացքին։ Չեմ ուզեր յիշեցնել ամուսնութեան առաջին նպատակը, որդեծնութիւնն է եւ հարսը այն երազով կ՛ամուսնանայ եւ կը ցանկայ մայրութիւնը։ Ի՞նչպէս կարելի է բացատրել կամ արդարացնել նման ոճիր մը։ Որքանո՞վ կարելի է հասկնալ մօր մը հոգեբանութիւնը եւ դրդապատճառները որոնք զինքը կը մղեն նման ինքնակամ տրամադրուելու, անզէն զաւակի սպանութեան։ Անբան անասուներն անգամ չեն գործեր նման ոճիր։ Ի՜նչ դաւաճանութիւն զաւակին դէմ, ընտանիքին դէմ, ինքն իր դէմ եւ ի՜նչ դաւաճանութիւն մարդկային կեանքի իրաւունքին եւ կեանք պարգեւող Աստուծոյ դէմ։
Ժամանակին, փոքր եղած ատենը կը կարդայինք մօր սրտի նուիրուած պատմութիւն մը, որուն մէջ, զաւակը խաբուելով թշնամիի կողմէն եւ շլանացած արտակարգ խոստումներէն, կու գայ մայրը կը սպաննէ եւ սիրտը առնելով կը տանի թշնամիին։ Աճապարանքի պահին զաւակը գետին կ՛իյնայ ու կը վիրաւորուի։ Մօր սիրտը ընդոստ կը պոռայ, վա՜յ զաւակս, զգոյշ չվիրաւորուիս։








All the contents on this site are copyrighted ©.