2014-07-09 09:27:57

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին պատգամը միսիոնարական համաշխարհային 88-րդ օրուան առթիւ` քահանայական կոչումներու նուազումը հետեւանքն է առաքելական եռանդի պակասին։


Միսիոնարական համաշխարհային 88-րդ օրը, այս տարի, կը զուգադիպի 19 հոկտեմբեր 2014-ին։ Այս օրը հաստատուած է Հաւատոյ տարածման ժողովի կողմէ, եւ Պիոս ԺԱ Քահանայապետի օրհնութեամբ ու խնդրանքով, Միսիոնարական համաշխարհային օրը ամէն տարի կը նշուի հոկտեմբեր ամսոյն վերջընթեր կիրակին։
Միսիոնարական համաշխարհային օրը առաջին անգամ նշուեցաւ1927-ի հոկտեմբերին որ ընդհանրապէս, Կաթողիկէ եկեղեցւոյ համար, առաքելութեան նուիրուած ամիս է։

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր այս տարուայ պատգամին մէջ կը գրէ. ''ներկայիս անհամար են այն մարդիկը որոնք տակաւին չեն ճանչնար Յիսուս Քրիստոսը։

Աւետարանի քարոզութիւնը Եկեղեցւոյ համար հրատապ հարց մըն է, որուն կանչուած են եկեղեցւոյ բոլոր անդամները։ Եկեղեցին էութեամբ միսիոնարական է։ Մեր Տէրը` Յիսուս Քրիստոս նախքան երկինք համբառնալը առաքեալներուն տուաւ հետեւեալ պատուէրը` ''Գացէք, աշակերտեցէք բոլոր ազգերը եւ մկրտեցէք զանոնք, յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ։ Սորվեցուցէք անոնց պահել ինչ որ ես պատուիրեցի ձեզի եւ ես ահաւասիկ ձեզի հետ եմ ամէն օր` մինչեւ աշխարհի կատարածը''։

Միսիոնարական համաշխարհային օրը առանձնաշորհեալ պահ մըն է, որով հաւատացեալները յանձն կ'առնեն աղօթքով, կեանքի վկայութեամբ ու դրական զօրակցութեամբ օգնութեան հասնիլ առաքելավայրերուն։ Ասիկա պէտք է ըլլայ շնորհքի եւ ցնծութեան տօնակատարութիւն։ Շնորհքի` քանի Հոգին Սուրբ, Հօր Աստուծմէ ղրկուած, իմաստութիւն եւ զօրութիւն կը պարգեւէ անոնց որոնք հեզութեամբ կը համապատասխանեն իր ներգործութեան։Ցնծութեան` որովհետեւ Յիսուս Քրիստոս, Հօր Աստուծոյ Որդին, աշխարհ եկաւ փրկելու աշխարհը, հետեւաբար ամէն քրիստոնեայ կանչուած է զօրավիգ կանգնելու միսիոնարական առաքելութեան աշխատանքին։

Քահանայապետը, իր պատգամին մէջ եպիսկոպոսներէն կը խնդրէ աշխատիլ տեղական եկեղեցւոյ միութեան ի սպաս, լաւագոյնս քարոզելու եւ ճանչցնելու Քրիստոսը անոնց որոնք քաղաքի արուարձաններու մէջ կը գտնուին, ուր կ'ապրին մեծ թիւով ընչազուրկեր, որոնք կը սպասեն փրկութեան աւետիսը։ Ան ապա կը գրէ. ''բազմաթիւ վայրերու մէջ կը պակսին քահանայական ու կրօնաւորական կոչումներ. ասիկա հետեւանքն է առաքելական եռանդի պակասի։ Աւետարանի ցնծութիւնը կու գայ Յիսուսի հետ հանդիպումէն ու աղքատներու կեանքը բաժնելով։

Սրբազան Հայրը հուսկ կը քաջալերէ ժողովրդապետական հասարակութիւնները, եղբայրակցութիւնները եւ ընկերակցութիւնները ապրելու եղբայրական կեանք մը, հիմնուած` Յիսուսի սիրոյն վրայ եւ միշտ ուշադիր ընչազուրկերու կարիքներուն։ Ան կը մատնանշէ` հոն ուր կայ աւետարանական ցնծութիւն, եռանդ եւ իղձը Յիսուսը ճանչցնելու ուրիշներուն, կը բազմանան եկեղեցական կոչումները ։

Ֆրանչիսկոս Պապը իր պատգամը կ'եզրափակէ խնդրելով չանտեսել առաքելավայրերու մէջ համագործակցիլ փափաքող աշխարհականները, մատնանշելով որ ժամանակակից աշխարհական հաւատացեալնրը գիտակից են իրենց քրիստոնէական առաքելութեան եւ խորապէս համոզուած են Աւետարանը քարոզելու եւ զայն տարածելու պարտականութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.