2014-07-09 09:19:05

Վատիկանի կառավարութեան եւ Սուրբ Աթոռի տարեկան հաշուեկշիռները վաւերացուեցան։


Անցեալ 5 յուլիսին, Վատիկանի մէջ գումարուած, Տնտեսութեան Խորհուրդի նիստի ընթացքին, Սուրբ Աթոռի տնտեսական հարցերու գրասենեակը ներկայացուց Վատիկանի Պետութեան եւ Սուրբ Աթոռի 2013-ի զոյգ հաշուեկշիռները որոնք փակուած են 10 միլիոն եւրոյի եկամուտով։
Սուրբ Աթոռի 2013-ի հաշուեկշիռը փակուած է 24 միլիոն եւրոյի վնասով, մինչ Վատիկանի Պետութեան հաշուեկշիռը ունեցաւ 33 միլիոն եւրօյի շահ։ Ծախսերու շարքին ամենամեծը կը հանդիսանայ անձանակազմինը` որ 2013-ին, Սուրբ Աթոռի համար 2.886 անդամի կը հասնէր, 125 միլիոն եւրոյի արժէքով, մինչ Վատիկանի Պետութեան մէջ կը գործեն 1951 անձ։ Վատիկանի դրամատունը Սրբազան Քահանայապետի տրամադրութեան տակ դրած է շուրջ 50 միլիոն եւրօ։
Տնտեսութեան Խորհուրդը քննարկելէ ետք հաշուեկշիռները զանոնք նկատեց համաձայն Վատիկանի Պետութեան հաաշուապահական սկզբունքներուն եւ համապատասխան Վատիկանի կանոնագրութեան։ Ասոր հիման վրայ 2013-ի հաշուեկշիռները վաւերացուած կը նկատուին։








All the contents on this site are copyrighted ©.